Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի մայրը՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան, ընդհանուր խորհրդականուհիները և միաբանակից բոլոր քոյրերը, ինչպէս նաև նորօգ հանգուցեալին հարազատ քոյրը՝ Քոյր Մանիան և Յակոբեան ընտանիքի անդամները, սրտի խոր ցաւով կը գուժեն վաղահաս մահը Քոյր Շուշան Յակոբեանի, որ հասած է 12 Յունուար, 2025-ին, Պէյրութի մէջ:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Հայ Քոյրերու վանատան Զմմառու մատրան մէջ, 13 Յունուար 2025-ին , կէսօրէ ետք, ժամը 4:00-ին: