Մեքենայի արկածի հետեւանքով մահացած է ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանը։
Այդ մասին դիմատետրեան էջին գրած է ՀՀ ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։
Անոր հաղորդմամբ՝ յունուար 13-ին՝ 16:41-ի սահմաններուն, ՆԳՆ Փրկարար ծառայութեան 911 ծառայութիւն զանգահարած քաղաքացին յայտնած է, որ Երեւան-Մեղրի ճանապարհի 90-րդ քմ հատուածին՝ ձորիմ մէջ, նկատած է շրջուած վիճակի մէջ գտնուող ընկերոջ «Հոնտա» մեքենան։
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ոստիկանութեան եւ փրկարար ծառայութեան աշխատակիցներ։
Դէպքի առթիւ ցաւակցութիւն յայտնած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը՝ գրելով․ «Մեծագոյն ցաւով տեղեկացայ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» դաշինքի անդամ, ՀՅԴ անդամ Մհեր Սահակեանի մահուան մասին: Անկեղծօրէն խորին ցաւակցութիւնս եմ յայտնում նրա ընտանիքին եւ հարազատներին»: