image

Իմ վարչակազմը կը հեռանայ՝ յաջորդ վարչակազմին թողելով աւելի ամուր դաշինքներ ունեցող Ամերիկա. Պայտըն

Իմ վարչակազմը կը հեռանայ՝ յաջորդ վարչակազմին թողելով աւելի ամուր դաշինքներ ունեցող Ամերիկա. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու հեռացող նախագահ Ճօ Պայտըն ամփոփած է իր 4-ամեայ պաշտօնավարման ընթացքին արտաքին քաղաքականութեան ձեռքբերումները՝ ներկայացնելով՝ ինչպէս իր նախագահութիւնը ազդած է երկրի անվտանգութեան եւ արտերկրի մէջ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու վրայ: 

«Նոր մարտահրաւէրներ, անշուշտ, ի յայտ պիտի գան գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն, բայց նոյնիսկ այդ պարագային, ակնյայտ է, որ իմ վարչակազմը կը հեռանայ՝ յաջորդ վարչակազմին թողելով աւելի շատ ընկերներ, աւելի ամուր դաշինքներ ունեցող Ամերիկա: 

Մեր հակառակորդներն աւելի թոյլ են եւ ճնշման տակ: Ամերիկան, որ կրկին առաջնորդող է, կը միաւորէ երկիրները, կը սահմանէ օրակարգը, միւսները կը միաւորէ մեր ծրագրերու եւ առաքելութիւններու շուրջ: Միացեալ Նահանգները չորս տարի առաջուան համեմատութեամբ կը յաղթէ համաշխարհային մրցոյթին։ Ամերիկան ​​աւելի ուժեղ է. Մեր դաշինքներն աւելի ուժեղ են, մեր հակառակորդներն ու մրցակիցները՝ աւելի թոյլ։ Եւ մենք պատերազմի չենք դիմած, որ այս բաներն իրականութիւն դառնան», -ըսած է Պայտըն՝ ելոյթ ունենալով Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս:

Պայտըն նաեւ ներկայացուցած է իր տեսակէտները արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու վերաբերեալ յառաջիկայ տարիներուն յաջորդ վարչակազմի օրօք. արդար եւ կայուն խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ, երաշխաւորում, որ Պաշշար Ասատի տապալումը չի յանգեցներ «Տաէշ»-ի վերածնման, Իրանի կողմէ միջուկային զէնք ձեռք բերելու կանխում, Իսրայէլ-«Համաս» բախումի աւարտ: