Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսը չյայտարարուած այցով ժամանած է Քիեւ՝ բանակցելու ռազմական աջակցութեան տրամադրման շուրջ եւ քննարկելու Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը։
Նախարարը կը նախատեսէ հանդիպիլ Ուքրանիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան ընթացիկ հարցեր։