image

Լիոնի մէջ. Յարգած են Փարաճանովի յիշատակը

Լիոնի մէջ. Յարգած են Փարաճանովի յիշատակը

Յունուար 9-ին՝ Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան օրը, Լիոնի քաղաքապետարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ բեմադիրի 100-ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկ՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս եւ դասախօսութիւն՝ արուեստի պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Յունուար 9-ին՝ Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան օրը, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ, Լիոնի քաղաքապետարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած է աշխարհահռչակ բեմադիրի 100-ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկ՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս եւ դասախօսութիւն՝ արուեստի պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ:

Գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան իր ելոյթին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէին եւ փոխքաղաքապետ Սոնիա Զտորովցոֆին՝ սոյն նախաձեռնութեան աջակցելնուն, Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանին՝ յիշարժան դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ Մաքսիմ Եւատեանին ու անոր «Հայաստանի ակունքները» միութեան՝ ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ընդառաջ տարած աշխատանքին համար։

     

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Երեւանի՝ Փարաճանովի թանգարանին հետ գործակցաբար։ Ցուցադրուած են արուեստագէտին դիմանկարները, գոլաժները, յատկապէս՝ «Քանի մը դրուագ Ժոգոնտի կեանքէն» շարքէն, «Նռան գոյնը» ժապաւէնի զգեստներու էսքիզները, բանտին մէջ ստեղծուած գործերը եւ այլն: Լուսանկարներու մեծ մասին հեղինակն է՝ լուսանկարիչ, Փարաճանովի թանգարանի հիմնադիր Զաւէն Սարգսեան:

Լիոնի քաղաքապետարանի Atrium-ին մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսը հանրութեան համար բաց կը մնայ մինչեւ Յունուար 16, ժամը 11–19.