Դամասկոսի համար մղուող եւ բաւական խորքային պայքարը կը շարունակուի։ Բաւական լուռ ձեւով կ՚ընթանայ այդ պայքարը,մանաւանդ որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը յստակ որոշում մը չունին, թէ որ կողմին պիտի լսեն, որ կողմին «տուրք» պիտի տան, որ կողմին պիտի վստահին ու ամենակարեւորը, որ. Կողմի քաղաքական կամքին «պիտի ենթարկուին»։ Մէկ բան յստակ է արդէն, որ Սուրիոյ մէջ նախկին խաղացողները չկան ու հոն միակ տուժողները Ասատներու իշխանակարգը, «Պաաս» կուսակցութիւնը, կամ Ալեւի համայնքը չեն, այլ Ռուսաստանն է, իր նոր-հին շահերով, եւ ի մասնաւորի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն է, որ մեծ կորուստներ ունեցաւ եւ դեռ ալ կրնայ ունենայ Մերձաւոր Արեւելեան կտրուածքով։
Ի դէպ ուշադրութեանս գրաւեց Յոյն Ուղղափառ (Անտիոքի Աթոռ) Եոհաննա Ժ. Եազըճի Պատրիարքին օրեր առաջ Դամասկոսի մէջ տուած պատգամը, ուր ան շարք մը կարեւոր կէտերու մասին ակնկարկելէ բացի կոչ ուղղեց Սուրիոյ հրամանատարութեան գլխաւոր դէմք հանդիսացող՝ Ահմատ Շարաաին (Ահմատ Շարաա կամ Շարըհ) զինք հրաւիրելով Յոյն Ուղղափառներու Պատրիարքարան միասնաբար քննարկելու համար երկրի ընդհանուր իրավիճակը։
Պատրիարքը, որ վերջին օրերուն բաւական խիզախ կեցուածքներով հանդէս կու գայ (չեմ գիտէր ուր էին անոր կեցուածքները անցնող տաս տարիներուն…) շատ սուր ոճով մը խօսեցաւ ու նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ բոլոր իշխանութիւնները (մէկ իշխանութիւն ունեցած է Սուրիան ի դէպ…) այցելած են իրենց ու միասին «խորհրդակցած» երկրի ապագային ու առաջիկային համար նախատեսուած ծրագիր- համագործակցութեան մասին։
Ի դէպ այս յայտարարութիւնները կը հնչէին այն պահուն, երբ Սուրիոյ ու մասնաւորապէս Դամասկոսի Քրիստոնեայ ղեկավարութեան մօտ (նաեւ շարք մը լրագրողներու, տեսակէտ յայտնողներու եւ դէտերու մօտ) մտահոգութեան տրամադրութիւններ կային, որովհետեւ երկրի քաղաքական-ապահովական մարմինները որոշած էին կրթական համակարգին մէջ իսլամը աւելի մեծ շեշտերով ներկայացնելու փորձ-նախադէպ մը հիմնուելով «Շարիհա»ին վրայ։
Սա ի հարկէ «անսպասելի» համարուած էր ոչ իսլամ, քրիստոնեայ կամ այլ դաւանանքներուն կողմէ, որոնք Ասատի անկումէն անմիջապէս ետք «ողջունած» էին Շարաաի իշխանութիւնը եւ յայտնած , որ իրենք այդ երկրի անբաժանելի մասնիկն են։
Մինչեւ հիմա իրադարձութիւններու շարադրութիւնն է, որ կատարեցի, իսկ կեցուածքի պարագային պատկերը կը շարունակէ մնալ աղօտ ու անյստակ։
Եթէ Քրիստոնէական թէզը պաշտպանեմ, կամ անոնց սատարեմ պիտի հարց տամ, թէ արդեօք Սուրիան բռնե՞ց ամբողջականօրէն իսլամացման ճանապարհը (եւ այդպիսով հետեւելով Եգիպտոսի «Իխուան» կամ «Իսլամ եղբայրներ»ու օրինակին), որուն հետեւանքով ալ այս իշխանութիւնները եւ յատկապէս Շարաան ու իր համախոհները կամաց-կամաց լուսանցքային ուժեր պիտի դառնան ու կորսնցնեն Արեւմուտքի կողմէ իրենց ցոյց տրուած (ցարդ խօսքով) նեցուկը ….
Կամ թէ (այս պարագային ալ «սատարելով» իշխանութիւններուն կամ աւելի ճիշդը փորձել հասկնալով անոնց մօտեցումները) արդեօ՞ք այս բոլորը ժամանակի ընթացքին լուծուող հարցեր ու դրոյթներ են, այն իմաստով ,որ Շարաա իսլամիստական քայլերով կը փորձէ իր դիրքերը աւելիով ամրապնդել ու տեղ տալ համա-իսլամական գաղափարներուն ու այդ մօտեցումը «ամրացնել» (օրինակի համար Սուրիոյ բանակի տարբեր բաժանմունքներուն համար Շարաա պետ կարգեց հինգէ աւելի հրամանատարներ, որոնք սուրիացի չեն, իսլամ են, ու նաեւ իրեն ուղեկցած են, Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան ընթացքին) կարգ մը քայլերով, որոնք խորթ համարուեցան, ոչ միայն ոչ-իսլամ սուրիացիներուն, այլ նաեւ ազգայնական ջիղ ունեցող մեծ թիւով սուրիացիներուն համար։
Ինչպէս նախապէս ալ գրած եմ, որ այս դէպքերը «սպասելի» են, որովհետեւ Սուրիան կը բոլորէ անցման փուլ մը, որ ամենակարեւորը պիտի ըլլայ (կրնայ ըլլալ) երկրի արդի պատմութեան մէջ։
Փոխուած է ամբողջ համակարգ մը, տուն գացած է իր հօր «քաղաքական աւանդ»ը եւ նոյնիսկ բարոյական ու դրամական դրամագլուխը ջուրը թափած մարդ մը, որ սիրած եւ իրեն համար վայելուչ համարած է բռնատէրի արիւնոտ «պատմուճան»ը, կամ զգեստը…։ Ու այս ընթացքին շատ աւելի դէպքեր կրնան կատարուիլ, նաեւ այն պատճառով, որ Շարաա կարողացաւ իշխանափոխութիւնը իրականութեան վերածել յենուելով ու հաւատալով «քաղաքական իսլամ»ի դրոյթներուն եւ ինք ալ արմատներով եւ էութեամբ կու գար այդ ջուրերէն…։
Անկախ անկէ, որ ան ալ ինչպէս շատ-շատեր գործած էր մեծ ու փոքր շարք մը սխալներ, բայց հիմա արդէն կը ներկայանայ նոր հագուստով ու ամենակարեւորը այլեւս սխալելու տեղ չունի…։
Այս բոլորէն ետք Դամասկոս կը ժամանէին Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները, որոնք նախ կ՚ընդունէին Շարաաի կողմէ ու ապա ալ այցելութիւն կու տային Եազըճի Պատրիարքին։ Ըստ. Կարգ մը վերլուծաբաններու Եւրոպական Միութեան անդամ եւ այդ մարմնին մէջ կեդրոնական դեր ունեցող զոյգ երկիրներու. Նախարարներուն այցը տեղի կունենար այն պահուն, երբ Քրիստոնէական տարբեր ձայներ ու հարթակներ իրենց մտավախութիւններուն մասին կ՚արտայայտուէին ու այդ արտայայտութիւններուն արձագանգը Հասած էր մինչեւ ԵՄ-ի սիրտը համարուող Պրիւքսէլ։ Եւ անշուշտ յառաջիկայ օրերուն պարզ պիտի դառնայ այն, որ արդեօք Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պիտի անսան այդ. Մտահոգոհ ձայներուն, եւ այդ առումով ալ որոշակի. բարեբոխումներ կատարեն կամ ոչ։
Հարցերուն հարցը ի վերջոյ կը շարունակէ մնալ նոյնը, թէ Սուրիան, որպէս երկիր ու պետութիւն, ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ ու վստահ եմ, որ այս հարցումին պատասխանը, ինքը իշխանութիւնն ալ շատ լաւ չի գէտէր, որովհետեւ ամէն ծրագիր յղի պիտի ըլլայ նոր դէպքերով, որոնք կրնան կամ բուժել, կամ ալ աւելիով տապալել երբեմնի այդ հարուստ ներկայացող, ու իր հեզ ու աշխատասէր քաղաքացիներու բարօր կեանք մը «նուիրած» , սակայն բազում առումներով խոցելի ու դատապարտելի իշխանութիւններ ունեցած երկիրը։
Կարեւորը հիմա հինը չփնտռելն է, ու այդ մեծ իղձը, բոլոր հայրենասէր սուրիացիներուն համար էական եւ մնայուն իղձ մըն է..։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս