Այսօր, Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը պիտի տորագրեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթը։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։
Նշուած է, որ միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի ժամանակով ժ. 22:00-ին եւ պիտի լուսաբանուի ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան հարթակներով:
Յիշեցնենք, որ յունուար 14-էն 15-ը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն աշխատանքային այցով կը գտնուի Ուաշինկթըն։
Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան համագործակցութեան փաստաթուղթի մասին մանրամասներ չեն հաղորդուած։