image

Ս. Ծննդեան Պատարագ Տոհայի մէջ. Պատարագիչ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

Ս. Ծննդեան Պատարագ Տոհայի մէջ. Պատարագիչ՝ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

 

 Օրերես  Սուրբ Ծննդեան տօնական պատարագ մատուցուած է  Քաթարի  մէջ։

 

 Ասոր մասին իմացանք Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս  գրուած է ՝

Ուրբաթ 10 Յունուար 2025-ին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Տոհայի Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն ներս, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց:

Քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Քրիստոսի ծնունդով մարդկութեան դիմաց բացուած փրկութեան ու խաղաղութեան կոչին հետեւելու, մասնաւորաբար ներկայ աշխարհի անխաղաղ վիճակը տեսնելով հայեացքները ուղղելու դէպի Բեթղեհէմի համեստ ու խոնարհ մսուրին, որ բոլորին համար խաղաղութեան ու յոյսի հաստատման աղբիւրն է:

Այս առիթով Սրբազան հայրը յանուն Ազգային Իշխանութեան ողջունեց հաւատացեալները, մաղթելով որ 2025 տարին դառնայ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը:

Պատարագին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպան՝ Տիար Տիգրան Գէորգեան:

 

 

  Լուրը՝ «Արեւելք»ի