image

Ասորի ուղղափառներու պետը՝ Անթիլիաս այցելեց

Ասորի ուղղափառներու պետը՝ Անթիլիաս այցելեց

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, օրերս,  հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Ամենապատուութիւն Աֆրամ Բ. Ասորի ուղղափառ Պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման գլխաւոր նիւթը եղած է վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն,  որ  մասնաւորապէս  տեղեկագրած է՝

Ուրբաթ, 10 յունուար 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ասորի ուղղափառներու Աֆրամ Բ. պատրիարքին միջեւ: Պատրիարքի կողքին հանդիպումին ներկայ էին երկու առաջնորդ սրբազաններ, իսկ վեհափառ հայրապետի կողքին` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միասին գործելու եւ հաւաքական տեսակէտներ ճշդելու հրամայականը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշման առնչութեամբ կատարուող աշխատանքներուն: