image

Մաքրոնը, Հարիրին եւ ...

Մաքրոնը,  Հարիրին  եւ ...

Մաքրոնը,  Հարիրին  եւ ... «Հըզպալլայի» վերջին առիթը

 

Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման համար նախատեսուած նախաձեռնութիւնը կ՚ապրի դժուար ատեններ։

Խնդիրն այն է, որ Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակուելէն անցած է բաւական երկար ժամանակ, երբ վարչապետին համար գրեթէ «անկարելի» դարձած է յաջողցնել իր վրայ դրուած առաքելութեան կարեւորագոյն կէտը, որն է՝ նոր կառավարութեան կազմութիւնը։

 

Ուշագրաւ է, որ լիբանանցիներու մեծ տոկոսին համար երկրի Շիիթ տարրին կողմէ առնուած կեցուածքը, որ պայմանաւորուած է ելեւմտական աթոռը այդ համայնքին վստահելու պահանջով դարձած է նոր կառավարութեան կազմութեան դէմ «գործող» հիմնական պահանջը։

 

Եւ աւելի ուշագրաւն այն է, որ նախագահ Աուն, որ մինչեւ վերջերս կը համարուէր շիիթ համայնքի գլխաւոր եւ սերտ գործընկերը,  «դուրս եկած է հունէն» եւ սկսած է քննադատել ստեղծուած վիճակը, յորդորելով եւ բոլորին «բացէ ի բաց» յիշեցնելով, որ եթէ երկիրը նոր կառավարութիւն մը չունենայ, ապա Լիբանան պիտի գլտորի «դժոխք»ի մէջ։

 

Ի հարկէ դժոխքը  փոխաբերական իմաստով գործածուած բառակապակցութիւն է, սակայն առանց այդ «նոր» դժոխքին ալ Լիբանանի վիճակը բարւոք չէ եւ պարզ քաղաքացին ամէն օր շնչակտուր կ՚ըլլայ, տեսնելով, զգալով եւ ապրելով բոլոր այն դժուարութիւնները, որ դարձած են իր կեանքին մէկ մասնիկը։

Այս բոլորէն անդին կարեւոր է հաշուի առնել եւ նկատել նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած առաջարկը, որուն հիմքով ալ ելեւմտական աթոռը պէտք է տրուի շիիթ, սակայն ոչ կուսակցական գործիչի մը...

Անշուշտ այս առաջարկը մեծ անակնկալ եղաւ «Ամալ»-«Հըզպալլա»ին համար, որոնք զարմացած են եղած առաջարկէն եւ եւ հանրութիւնը մինչեւ այս պահը կը սպասէ անոնց պատասխանին։

 

Հիմա պարզ լիբանանցին դարձեալ հարց պիտի տայ, ի՞նչ է իրական պատճառը, որ շիիթ համայնքին համար ելեւմտական աթոռը ստեղծած է «մահ ու կենաց» վիճակ մը, որուն համար ալ այդ համայնքի ղեկավարները պատրաստ են երկիրը «դժոխք» առաջնորդել: Իսկ պատասխանն աւելի քան պարզ է, որովհետեւ անցեալ հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանի շուրջ նիւթուող վիճակներուն մէկ եւ միակ նպատակն է ամբողջական «ապարկո» մը ստեղծել «Հըզպալլա»ին եւ վիճակը տանիլ այն սրութեան մակարդակին, որուն մէջ ալ լիբանանցիները իրենք փողոց դուրս գալով պիտի ամբողջացնեն այդ կուսակցութեան «հրէշացում»ը ու նաեւ պահանջեն «Հըզպալլա»ի զինաթափումը։

 

Այստեղ բոլորը կը մոռնան, թէ ի՞նչ պատճառներով եւ հիմքով ստեղծուեցաւ «Հըզպալլա»ն, ինչո՞ւ այսքան հզօր եւ նոյնիսկ վեր-լիբանանեան հզօր միաւոր դարձաւ եւ այսքան տարուան մեծ պայքարէն ետք, ի՞նչ հիմունքներով կարելի պիտի ըլլայ զինաթափ ընել, կամ նոյնիսկ զինաթափ ընելու առաջարկ մը կամ պահանջ մը «օրինականացնել»։

 

Ելեւմտական նախարարութիւնը երկրի դրամական հոսքերու, ֆինանսական պահանջներու հիմնական «տինամո»ն է ու այդ պատճառով է նաեւ, որ առանց այդ նախարարական աթոռին «Հըզպալլա» աւելիով պիտի պաշարուի ու «շնչահեղձ» դառնայ։

 

Չմոռնանք, որ Լիբանանի համար եղած ֆրանսական նախաձեռնութեան համար «Հըզպալլա» անտեսուած կամ մերժուած ուժ մը չէ, այլ գործակից է ու ատոր համար է նաեւ, որ շիիթ կողմը պարտաւոր է «հինգ անգամ մտածել ու մէկ անգամ կտրել...»։

 

Ֆրանսայի պահանջները, ի հեճուկս ամերիկեան «բրակմաթիզմ»ին բաւականին «փափուկ» պահանջներ են, որոնց հիմքով «Հըզպալլա»ն պէտք է հեռու մնայ Եէմէնի տագնապէն, ու ամենակարեւորը կամաց-կամաց դուրս գայ Լիբանանէն։

Այս քայլերուն իրականացումը այդքան ալ դժուար չէ կուսակցութեան համար, որ մանաւանդ Սուրիոյ կտրուածքով արդէն իսկ որոշակի քայլեր կը կատարէ ու կարծես թէ պատրաստ է սուրիական մեծ տեսադաշտէն հեռանալ, կը մնայ Եէմէնի պարագան, որ Իրանի համար էական խնդիր է, եւ վստահօրէն Թեհրան այդ խնդրի կտրուածքով պիտի չուզէ որեւէ զիջում իրականացնել, եթէ չտրուին յստակ եւ հասկնալի վստահեցումներ։

Այս պատկերէն անդին ու լուծումներու ընդհանուր տեսադաշտէն դուրս երէկ Ռիատի կողմէ լսելի դարձած յայտարարութիւնները բաւականին մտահոգիչ կը դառնան։ Մտահոգիչ, որովհետեւ Սէուտցի թագաւորը, ոչ միայն «ահաբեկչական» կը համարէ «Հըզպալլա»ն, այլ միջազգային հանրութենէն կը պահանջէ զինաթափ ընել լիբանանեան դիմադրութեան ամենակարեւոր ուժը։

Ամբողջ խնդիրը անոր մէջ կը կայանայ, որ սիւննի աշխարհի տէրերուն մօտ այսօր, ինչ-ինչ պայմաններու բերումով տեսակէտի եւ ռազմավարութեան մեծ ձեւափոխում մը կայ:  Անոնց համար այսօր թշնամին Իսրայէլը չէ, այլ Իրանն է, որուն համար ալ իրենք պատրաստ են ամէն գործօն ուժի մղել՝  «կտրելու համար» Իրանի թեւերը տարածքաշրջանին մէջ։

Ու հոս է իրական վտանգը Լիբանանի համար, որուն պետական համակարգին համար շատ մեծ խնդիր էր ու կը շարունակէ մնալ երկրի ամբողջ տարածքին ոչ-օրինական զէնքի «օրինականացում»ը. Քայլ մը, որ Լիբանանը կրնայ տանիլ նոր, արիւնալի ներքին խլրտումներու (պատերազմ բառը չեմ գործածեր), որուն առաջքն առնելը, եւ ապա կասեցնելը կրնան դառնալ անհնար...։

Այս ամբողջ պատկերին մէջ աւելի քան կարեւոր է գնահատել ու հասկնալ նախկին վարչապետին նախաձեռնութիւնը, առանց որուն կամ անոր տապալումով հնարաւոր լուծումներու փուլը պիտի աւարտի եւ ընթացք պիտի առնէ Ամերիկայի կողմէ նախատեսուած եւ «մինի» քաոսի մը նոր վիճակը։

 

 Սագօ Արեան 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...