image

Մաքրոն դէպի Չինաստան

Մաքրոն դէպի Չինաստան

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը 25 փետրուարին յայտարարած է, որ ապրիլի սկիզբը պիտի այցելէ Չինաստան, մասնաւորապէս, որպէսզի Փեքինէն օգնութիւն խնդրէ «Ուքրանիա Ռուսիոյ ներխուժումը դադրեցնելու հարցով», հաղորդած է Reuters-ը:

Ուրբաթ օր Չինաստանը կոչ ըրած էր Ուքրանիոյ մէջ համապարփակ հրադադար հաստատելու եւ առաջ քաշած 12 կէտէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիր: 

«Այն փաստը, որ Չինաստանը կը մասնակցի խաղաղութեան ջանքերուն, լաւ է»,- Փարիզի մէջ գիւղատնտեսական տօնավաճառին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Մաքրոնը:

«Չինաստանը պէտք է օգնէ մեզի ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ վրայ, որպէսզի ան երբեք չօգտագործէ քիմիական կամ միջուկային զէնք եւ որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները՝ որպէս բանակցութիւններու նախապայման»,-աւելցուցած է ան: