Երեւանի Ամիրեան փողոցին վրայ 18 Յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցած միջադէպի ժամանակ կրակողը յայտնի գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի եղբայրն է, կը հաղորդէ Shamshyan.com-ը:
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ նոյն օրը՝ ժամը 19:00-ի սահմաններուն, նշուած վայրին մէջ կենցաղային հարցերու շուրջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է Երեւան քաղաքի բնակիչներ, 51-ամեայ Ռոպերթ Սուքիասեանի, 47-ամեայ Արման Ապիյեանի, 33-ամեայ Վարազդատ Գասպարեանի, 29-ամեայ Սարգիս Աբգարեանի եւ միւս կողմի՝ Երեւանի բնակիչ, 35-ամեայ Նարեկ Կարապետեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, 42-ամեայ Յարութ Հաբգարեանի միջեւ:
Ըստ ձեռք բերուած նախնական տեղեկութիւններու՝ Ռ. Սուքիասեանը իր մօտ եղած հրազէնէն կրակոցներ արձակած է, որու հետեւանքով Հ. Հաբգարեանը ոտքէն վնասուած է: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները, քննիչներն ու փորձաքրէագէտները յայտնաբերած են 3 հատ 9 մմ տրամաչափի կրակուած պարկուճ եւ արնանման հետքեր:
19 Յուլիսին՝ ժամը 01:00-ի սահմաններուն, «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է, որ «ձախ ազդրի փափուկ հիւսուածքներու ծակած-կտրած վէրք» ախտորոշմամբ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:
Հիւանդանոց մեկնած ոստիկանները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածը Ա. Ապիյեանն է, որ նշուած վիճաբանութեան ժամանակ դանակահարուած է, անոր մօտ յայտնաբերուած է օդաճնշիչ ատրճանակ, այնուհետև, ոստիկանները պարզած են, որ վիճաբանութեան ժամանակ անոր դանակահարած է 35-ամեայ Նարեկ Կարապետեանը:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ համատեղ գործողութիւններ՝ դէպքի ամբողջական հանգամանքները պարզելու, կասկածեալները, յանցագործութեան գործիք հրազէնն ու դանակը յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
Կայիք տեղեկութիւններով՝ կրակոցներ արձակած Ռ. Սուքիասեանը յայտնի գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի եղբայրն է: