Յունուար 19-ին, ժամը 09։02-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ եղած է, որ Երեւան քաղաքի Փուշքինի փողոցի մէկի 1-ին յարկին վրայ գտնուող խանութ-սրահի արտաքին պատին կ՚այրի գովազդային պաստառ։
Պարզուած է, որ այրած են շէնքի առաջին յարկին գտնուող խանութ-սրահի պատին ամրացուած ամանորեայ ձեւաւորման պարագաները, սուրճի գործիքը, խանութի ծածկի փայտեայ կառուցատարրերը, 2-րդ յարկի բնակարանի պատշգամին մէջ գտնուող կենցաղային իրեր եւ օդափոխման համակարգեր։
Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 09։34-ին, մարած՝ 10։11-ի
Հրշէջ-փրկարարները կանխած են հրդեհի տարածումը դէպի խանութ-սրահ եւ 2-րդ յարկի բնակարան: