image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի դեսպանատան խիստ արձագանգը՝ «Եւրատեսիլ»-ի աղմկայարոյց միջադէպէն ետք․ «Հայաստանի դրօշը չի կրնար փոխարինուիլ»

Իրանի դեսպանատան խիստ արձագանգը՝ «Եւրատեսիլ»-ի աղմկայարոյց միջադէպէն ետք․ «Հայաստանի դրօշը չի կրնար փոխարինուիլ»

ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանութիւնն արձագանգած է «Եւրատեսիլ» միջազգային երգի մրցոյթի ժամանակ իսրայէլեան հեռուստաալիքի կողմէ Հայաստանն Ատրպէյճանի դրօշով ներկայացնելուն։

«Ոչ ոք կրնայ Հայաստանի գեղեցիկ դրօշի փոխարէն այլ դրօշ ցուցադրել: Հայաստանը պատմական եւ քաղաքակրթական ազգ է, եւ Իրանը միշտ եղած է անոր կողքին»,-ըսուած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանութեան X-ի էջով։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Իրայէլի Kan 11 պետական հեռուստաալիքը Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նոյն դրօշի ներքոյ ներկայացուցած էր մրցոյթի կիսաեզրափակիչի հեռարձակման ժամանակ։