image

Մահացած է ամերիկահայ յայտնի դաստիարակ՝ Գրիգոր Փիտէճեանը

Մահացած է ամերիկահայ   յայտնի դաստիարակ՝ Գրիգոր Փիտէճեանը

Ոչ եւս է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան, դաստիարակ, երաժտագէտ, հայ երգի մեկնաբան եւ պատմագէտ, «Համազգային»-ի երգչախումբի ղեկավար Գրիգոր Փիտէճեանը։ Այս մասին կը հաղարդէ «hairenikweekly»ին:

«Համազգային»-ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, Փիտէճեան մահացաւ 31 յուլիսին։

Գրիգոր Փիտէճեան ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), Օգոստոս 17, 1935ին, երաժշտական հակումներով ընտանիքի մը մէջ։ Ուսումը ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, միաժամանակ ուսման հետեւելով Պէյրութի երաժշտանոցին մէջ։ Դպրեվանքին մէջ, երաժշտական կրթութիւնը ստացած է աշակերտելով ծանօթ երաժշտագէտ՝ Համբարձում Պէրպէրեանին՝ խորանալով ազգային ու կրօնական երաժշտութեան մէջ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ստանձնած է Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի դպրապետի պաշտօնը։ Իր մասնագիտական ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի «Ման» դպրոցին եւ «Հանթըր» գոլէճին մէջ, ուր ստացած է մագիստրոսական աստիճանը։ Խմբավարական իր գործունէութեան առընթեր, նաեւ բեղուն ուսումնասիրող մը եղած է պարոն Փիտէճեան։ Իր ուսումնասիրական գործերէն են՝ «Անձինք նուիրեալք», «Հայ յեղափոխական երգերուն տեղը հայ երաժշտութեան մէջ», «Հայ Եկեղեցւոյ երգերը», «Գրիգոր Նարեկացի՝ շարականագի՞ր» եւ «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա»։ Ի շարս այլոց, Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ հրատարակուած է «Երպապսակ Ապրիլեան Նահատակներուն» անունով գործին ձայնապնակը, զոր կը կատարեն Երեւանի Կամերային Երգչախումբն ու Ալան Յովհաննէս սենեկային նուագախումբը՝  Փիտէճեանի խմբավարութեամբ։

Փիտէճեանը միջազգային ճանաչում ստացած էր իբրեւ տաղանդաւոր երաժշտագէտ, որուն գիրքերն ու յօդուածները գիտական կարեւոր նպաստ բերած են հայ ազգային ու կրօնական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, եւ իբրեւ դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու հիմնադիր ու խմբավար՝ տարբեր երկիրներու մէջ։

Տան կարգը տեղի ունեցած է, հինգշաբթի, 1 օգոստոսին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթ Փլէյնզ, Նիւ Եորք)։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 2 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի Սիտըր Կրով գերեզմանատան (Ֆլաշինկ, Նիւ Եորք) մէջ։