image

Մահացած է Ալեքսիս Օհանեանի պապը. ան 1 ամիսէն պիտի դառնար 102 տարեկան

Մահացած է Ալեքսիս Օհանեանի պապը. ան 1 ամիսէն պիտի դառնար 102 տարեկան

Մահացած է ամերիկահայ գործարար, «Reddit»-ի հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանի պապը` Ճոն Օհանեանը։ Ալեքսիսն այդ մասին գրած է  X-ի իր էջին:

Ճոն Օհանեանը 1 ամիսէն պիտի դառնար 102 տարեկան, անոր յուղարկաւորած են դեկտեմբեր 14-ին։

«Ան Օղիմպիայի եւ Ատիրայի նախապապն էր (Ալեքսիս Օհանեանի դուստրերը), մարդ մը, որու 101-ամեայ ուղին դարձաւ ընտանիքի տոկունութեան, նուիրուածութեան եւ յարատեւ ուժի վկայութիւն։ 

Ան ծնած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք. ան կեանքի վաղ տարիներուն անցած է հսկայական փորձութիւններու միջով: Անոր ծնողները, որոնք Ցեղասպանութեան վերապրածներ էին, անոր մէջ սերմանած են յոյսը միայն սեփական անձի վրայ դնելու խոր զգացում եւ ընտանիքի կարեւորութիւնը: Հետագային այս դասերը պիտի դառնային անոր կեանքի հիմնաքարը», - գրած է Օհանեանը:

Ան մանրամասնած է, որ պապը զօրակոչուած էր ամերիկեան բանակ՝ կռուելու Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, այնուհետեւ իրաւագիտութիւն ուսանած էր եւ հրաշալի ասպարէզ կառուցած էր այս ոլորտին մէջ։

«Պապիկ, ես գիտեմ, որ քու անցած ճանապարհդ հեշտ չէր, բայց այն մեզի տարաւ Օհանեաններու 3 նոր սերունդի միջով՝ տալով հնարաւորութիւններ, որոնց մասին քու ծնողներդ, որոնք իրենց պատանեկութեան տարիներուն մղձավանջ ապրած էին, կրնային միայն երազել», - գրած է Օհանեանը:

Նշենք, որ Ալեքսիս Օհանեանը յաճախ պապի հետ մասնակցած է հանրային միջոցառումներու, որոնց ընթացքին անոնք պատմած են ե՛ւ իրենց ընտանիքի պատմութիւնը, ե՛ւ բազմիցս խօսած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին։