image

Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի կիրակնօրեայ դպրոցներու տարեկան «Ս. Աննա» ճամբարը՝ Եագուպիայի մէջ

Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի կիրակնօրեայ դպրոցներու տարեկան «Ս. Աննա» ճամբարը՝ Եագուպիայի մէջ

Ճէզիրէի Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի Կիրակնօրեայ դպրոցներու շուրջ 40 աշակերտներ, օրերս, Եագուպիայի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած են «Ս. Աննա» Աստուածաշնչական ճամբարին։ Տասնհինգ տարիներու ընդմիջումէ ետք վերականգնուած ճամբարը ներառած է հոգեւոր, կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներ, իսկ մասնակիցներուն այցելած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ղեկավարութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ Հոգշ. Տ. Նորայր Աբղ. Պայետունեանի եւ Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեանի, եւ կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմին, 27-31 Օգոստոս 2026-ին տեղի ունեցաւ Ճէզիրէի երեք շրջաններու՝ Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի Կիրակնօրեայ դպրոցներու տարեկան աշակերտական «Ս. Աննա» Աստուածաշնչական ճամբարը։

Ճամբարը տեղի ունեցաւ Եագուպիայի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ, իսկ գիշերելու համար անհրաժեշտ պայմանները ապահովուեցան Լատինաց Ս. Աստուածածին Անարատ Յղութեան վանքին մէջ։ Ճամբարին մասնակցեցան շուրջ 40 աշակերտներ, իսկ պատասխանատուներու եւ ընկերակցողներու ընդհանուր թիւը հասաւ շուրջ 55-ի։

Հնգօրեայ ճամբարի ընթացքին աշակերտները, պատրաստուած յայտագրին համաձայն, ունեցան օգտաշատ դասապահեր եւ մասնակցեցան զանազան հոգեւոր, կրթական ու դաստիարակչական ծրագիրներու։

Հոգշ. Տ. Նորայր Աբղ. Պայետունեանի եւ Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցան աստուածաշնչական դասախօսութիւններ, իսկ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի երկու հսկիչներուն՝ Երուանդ-Սուրէն Սրկ. Եղիայեանի եւ Մինաս Սրկ. Ճանսըզեանի գլխաւորութեամբ, կատարուեցաւ շարականներու ուսուցում։ Ուսուցչական կազմին կողմէ աշակերտներուն սորվեցան նաեւ սաղմոսներ, կազմակերպուեցան աստուածաշնչական խաղեր եւ այլ դաստիարակչական ծրագիրներ։

Ճամբարի յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ ուրախ ժամանցի պահեր, աւազանագնացութիւն եւ քայլարշաւներ՝ ստեղծելով աշակերտներուն համար ընկերային ու ուրախ մթնոլորտ։

Ճամբարի օրերուն հոգեւոր սնունդը ապահովուեցաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներով։ Մասնակիցները այցելեցին նաեւ Լատինաց Ս. Աստուածածին Անարատ Յղութեան եկեղեցին, ուր տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Տէր Լուէյ Պշարաթ հայրական ջերմութեամբ բարի գալուստ մաղթեց ճամբարի մասնակիցներուն։ Այցելութեան առիթով Տէր Պսակ Քահանան, Կիրակնօրեայ վարժարաններու անունով, փայտեայ խաչ մը նուիրեց Տէր Լուէյին։

Սրբազան Հօր հայրական այցելութիւնը

Ճամբարի աշխատանքներուն ծիրէն ներս մեծ օրհնութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի այցելութիւնը ճամբարի մասնակիցներուն։

Աշակերտները իրենց խանդավառութիւնը արտայայտեցին սաղմոսերգութեամբ եւ իրենց սորված շարականներու կատարումով։ Ճամբարի պատասխանատու քահանայ հայրը Սրբազան Հօր բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր օրհնաբեր այցելութեան համար։

Այնուհետեւ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան Սրբազան Հօր ներկայացուց ճամբարի ծրագիրը, անուանումը եւ իրականացուած աշխատանքները։

Սրբազան Հայրը իր հայրական խօսքին մէջ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ տասնհինգ տարիներու ընդմիջումէ ետք Եագուպիա գիւղին մէջ դարձեալ կարելի եղաւ իրականացնել Աստուածաշնչական ճամբար մը։ Ան շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ այս աստուածահաճոյ նախաձեռնութեան յաջողութեան համար։

Տեղւոյն Լատինաց հոգեւոր հովիւն ալ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց անմիջական ներդրումը բերին ճամբարի յաջողութեան՝ ընդգծելով, որ նման նախաձեռնութիւն մը աստուածահաճոյ մեծ առաքելութիւն է եւ միաժամանակ կը պահանջէ մեծ նուիրում ու պատասխանատուութիւն։

Սրբազան Հայրը ապա նախագահեց օրուան ճաշի օրհնութեան արարողութիւնը, մասնակից դարձաւ սիրոյ սեղանին եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր ներկաներուն։

Այս տարուան Ս. Աննայի տօնակատարութեան առիթով, սկզբնական թափօրը առաջնորդեցին Ճէզիրէի Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները՝ Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի մասնակցութեամբ։

Վերջապէս, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Եագուպիայի Ս. Աննա եկեղեցւոյ Թաղականութեան, որ, ինչպէս միշտ, իր ամբողջական աջակցութիւնը ցուցաբերեց եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ՝ ճամբարը յաջողութեամբ պսակելու համար։

«Ս. Աննա» Աստուածաշնչական ճամբարը դարձաւ հաւատքի, հոգեւոր դաստիարակութեան, եղբայրութեան եւ ուրախութեան գեղեցիկ առիթ մը՝ վերակենդանացնելով Եագուպիա գիւղին մէջ Աստուածաշնչական ճամբարի աւանդութիւնը՝ տասնհինգ տարիներու ընդմիջումէ ետք։