Մահացած է 20-ամեայ Ժամկէտային զինծառայող.Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ
17 Փետրուարին ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն մշտական տեղակայման վայրին մէջ շմոլ կազի թունաւորումէն մահացած է զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Գարեգին Արայի Արգամանեան: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ Դէպքին մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: ِԱյս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժնի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:
Դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 376-րդ յօդուածի 2-րդ մասով /անփոյթ վերաբերմունքը ծառայութեան նկատմամբ, եթէ անզգուշութեամբ առաջացուցած են ծանր հետեւանքներ/, կը կատարուի նախաքննութիւն: