Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանքի տակ պահուող 15 անձ կը մեղադրուի «ռազմական յանգագործութիւններ»ու վերաբերեալ գործի 2,548 դրուագով, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Խօսքը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Բակօ Սահակեանի, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, Արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ Գարիկ Մարտիրոսեանի, Մելիքսեթ Փաշաեանի, Դաւիթ Ալավերդեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի, Լեւոն Բալայեանի, Մադաթ Բաբայեանի, Վասիլի Բեգլարեանի եւ Էրիկ Ղազարեանի մասին է:
Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազի կողմէ 2024 թուականի դեկտեմբեր 16-ին եւ ուղարկուած է Պաքուի զինուորական դատարան՝ հետագայ քննարկման համար։