Ըստ թերթին, «Ռիատ կը դիմագրաւէ շարք մը տարածաշրջանային սպառնալիքներ, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրերով կ'երկարին՝ Եմէնէն Օմանի ծոցով մինչեւ Քուէյթ, Իրաքով եւ Ալ Պուքամալով դէպի Սուրիա մինչեւ Լիբանան», աւելցնելով, որ «Իսրայէլը» նոյնպէս «սպառնալիքներու այս աղեղը կը տեսնէ որպէս լուրջ մտահոգութեան աղբիւր»։
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթը խօսած է «Մաարէպի ճակատամարտի» մասին եւ համարած, որ «Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը ուշադիր կը հետեւին, մինչդեռ Եմէնի առանցքային ճակատամարտը կը մօտենայ հաւանական անկիւնադարձային կէտի»։
Ըստ թերթին, Սէուտական Արաբիան միջամտած է Եմէնին՝ դադրեցնելու «Անսարալլա»ի վերահսկումը մեծ քաղաքներու, եւ «այդ պահէն Ռիատը ընկղմած է Եմէնի ցեխին մէջ՝ փորձելով աջակցիլ կառավարական ուժերուն, որոնք ճնշման տակ են»։
Թերթը կը համարէ, որ «Արաբական Միացեալ Էմրուփիւնները, որ ժամանակ մը Ռիատի կողքին դերակատարութիւն ունեցած է, այժմ կարծես այլ ճանապարհ բռնած է Եմէնի մէջ»։ Այդ, ըստ թերթին, կը նշանակէ որ «Ռիատ վտանգը յայնձն կ'առնէ տեսնելով Եմէնի իր դաշնակիցները գլխաւոր ճակատամարտին մէջ պարտութիւն կը կրեն իր դարպասներուն մօտ՝ Եմէնի Մաարէպի մէջ»:
Պարբերականը լոյս սփռեց աշխարհագրական դիրքին վրայ այն տարածքին, ուր «տեղի պիտի ունենայ ճակատամարտը», եւ ըսած է, որ «Մաարէպը կը գտնուի Սէուտական Արաբիոյ սահմանէն քանի մը հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, սակայն եթէ «Անսարալլա»ն գրաւէ քաղաքը, այդ բարոյական պարտութիւն պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ համար»։
«Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը «Անսարալլա»-ի մասին խօսելով՝ ըսած է, որ անոնք «Սէուտական Արաբիոյ դէմ իրենց ճակատամարտը կը համարեն Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի դէմ իրենց համապարփակ պատերազմին մէկ մասը, եւ որ Մաարէպը ընդամէնը հիմնաքար մըն է»:
«Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը անդրադարձած է նաեւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ նշելով, որ «Ռիատ կը ցանկայ կրճատել Հըզպալլայի ներկայութիւնը»։
Ըստ թերթին, այդ կը նշանակէ, որ «Ռիատ կը դիմագրաւէ շարք մը տարածաշրջանային սպառնալիքներ, որոնք հազարաւոր քիլոմեթրերով կ'երկարին՝ Եմէնէն Օմանի ծոցով մինչեւ Քուէյթ, Իրաքով եւ Ալ Պուքամալով դէպի Սուրիա մինչեւ Լիբանան», աւելցնելով, որ «Իսրայէլը» նոյնպէս «սպառնալիքներու այս աղեղը կը տեսնէ որպէս լուրջ մտահոգութեան աղբիւր»։
Եմէնի դէմ պատերազմի սկիզբէն ի վեր հարիւրաւոր զեկոյցներ հրապարակուած են իսրայէլեան մամուին եւ ուսումնական կեդրոններուն մէջ՝ Եմէնէն եկող սպառնալիքներուն մասին, յատկապէս վերջին տարիներուն գետնի վրայ Եմէնի բանակին եւ «Անսարալլա»ի կողմէ իրենց օգտին շրջադարձին հետ կապուած ձեռքբերումներու եւ հաշիւներու լոյսին տակ: Ինչպէս նաեւ հրթիռներու եւ անօդաչուներու մասին, որոնք հարուածած են հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող զգայուն դիրքեր:
Յատկանշական է, որ Եմէնի զինուած ուժերու խօսնակ, զօրավար Եահիա Սարիհը աւելի վաղ յայտնած էր «Յաղթանակի գարուն» գործողութեան երկրորդ փուլի մանրամասնութիւնները, որ «կ'ընդգրկէր ռազմական յաջող գործողութիւններ Պայտայի, Շպաուայի եւ Մաարէպի նահանգներուն մէջ»:
Իսկ Եմէնի «Անսարալլա» շարժման քաղաքական բիւրոյի անդամ Մոհամմատ Պախիթին նախապէս կրկնած էր «Մաարէպ քաղաքը խաղաղ կերպով յանձնելու» կոչը։