Կազայի առողջապահական աղբիւրները հաստատած են, որ Յունիս 30-ի արեւածագէն ի վեր Իսրայէլի կողմէ Կազայի տարբեր շրջաններու վրայ կատարուած օդային հարուածներուն հետեւանքով զոհուած են 48 պաղեստինցիներ։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդած է Al Jazeera-ն։
Զոհերէն 13-ը գրանցուած են՝ Կազայի հարաւին մէջ օգնութեան բաշխման կեդրոնի մօտ հաւաքուած ամբոխի թիրախաւորման պատճառով, իսկ աւելի քան 50 հոգի ալ վիրաւորուած է։
Կազայի կառավարութեան տեղեկատւութեան գրասենեակը յայտնած է, թէ Մայիսէն ի վեր օգնութեան բաշխման կեդրոններու թիրախաւորման պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 583-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 4186-ի։ Գրասենեակը խիստ դատապարտած է իսրայէլեան ուժերու կողմէ ալ-Աքսայի նահատակներու հիւանդանոցին վրայ յարձակումները՝ ընդգծելով, որ տեղի ունեցածը «բարբարոսական յարձակում» է։
Հիւանդանոցին բանբեր Խալիլ ալ-Տաքրանը յայտնած է, թէ Կազայի մէջ 60,000 մանուկ կը տառապի թերսնուցումէն, աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը համակարգուած կերպով կը թիրախաւորեն Կազայի հիւանդանոցները։
Պաղեստինեան WAFA լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Յունիս 30-ի արեւածագին իսրայէլեան ուժերը յարձակումներ կատարած են նաեւ Արեւմտեան Ափի ալ-Պիրեհ քաղաքին, ինչպէս նաեւ Ռամալլայի մօտ գտնուող Տէյր Ապու Մաշալ եւ Պուրքա գիւղերուն վրայ։
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթին համաձայն՝ Յունիսի սկիզբէն ի վեր Կազայի մէջ զոհուած են 20 իսրայէլցի զինուոր, որ 2025-էն ի վեր ամենաբարձր ցուցանիշն է։
Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 2023-ի Հոկտեմբեր 7-էն ի վեր Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ կատարուած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 56,500-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 133,419-ի։
Իսրայէլ Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւնները սկսած էր ի պատասխան պաղեստինեան «Համաս» շարժման զինեալներու ներխուժումին, որուն հետեւանքով զոհուած էր մօտաւորապէս 1200 հոգի եւ գերեվարուած՝ շուրջ 250 հոգի։