Լոյս տեսած է ոստիկանութեան գնդապետ Մարտուն Սիմոնեանի «Գոռը» գիրքը: Գիրքին մէջ ամփոփուած է հեղինակի՝ Արցախեան երկրորդ պատերազմի մասին «Գոռը» օրագրային վիպակն ու «Երկնքում կը հանդիպե՞նք» պատմուածքը:
Առաջաբանը՝ Ներսէս Աթաբեկեանի, կազմի լուսանկարները՝ Սիփան Կիւլումեանի եւ Սոնա Բարսեղեանի, համակարգչային մաքեթը՝ Կարինէ Դաւթեանի, կազմի համակարգչային ձեւաւորումը՝ Մելինէ Ղարախանեանի։