Փաքիստան պիտի շարունակէ միջնորդի դեր խաղալ Իրան–ԱՄՆ բանակցութիւններուն մէջ։
Այս մասին յայտարարած է Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆ՝ ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններու համար ժամանած իրանական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին։
«Բարձր գնահատելով Իրանի մասնակցութիւնը Իսլամապատի բանակցութիւններուն՝ վարչապետը վերահաստատեց Փաքիստանի անկեղծ յանձնառութիւնը շարունակելու իր դերը որպէս միջնորդ՝ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան ու կայունութեան շահերէն մեկնելով նշանակալի արդիւնքներու հասնելու նպատակով խթան ստեղծելուն նպաստելու համար»,– նշուած է վարչապետի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին իրանական կողմը գլխաւորած են Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի։