Մրցանիշը կայուն բան չի կրնար ըլլալ, եւ աշխարհի մէջ այդպիտի օրինակ չկայ: Մենք, ի սկզբանէ մեր աշխատանքը կը սկսինք զէրոյէն, 0%-էն, այսինքն՝ զէրոյէն կը սկսինք քարոզարշաւ ընել եւ երթալ առաջ: Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս, ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ ինչ կ՚ակնկալէ՝ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխող խումբը «50+1» կը հաւաքէ:
«Ակնյայտ է, որ մասնաւորապէս օգոստոսի 8-ին ստորագրուած փաստաթղթից եւ դրան յաջորդած իրադարձութիւններից յետոյ, մենք անցողիկ շեմը յաղթահարելու խնդիր չունենք, թէպէտ ես կարծում եմ՝ դրանից առաջ էլ չունէինք: Մեր համար շատ կարեւոր է սահմանադրական մեծամասնութիւն ձեւաւորելը, եւ գնում ենք այդ ուղղութեամբ»,-նշած է Ալեն Սիմոնեանը՝ աւելցնելով՝ կ՚ենթադրեմ՝ մենք հիմա աւելի շատ ձայն պիտի ունենանք, աւելի շատ տոկոսային ներկայացուածութիւն պիտի ունենանք, քան այն 54 տոկոսը, որ ունեցանք 2021-ին։
Հարցին՝ այսինքն՝ Ալեն Սիմոնեանը կը կարծէ՝ իշխող խումբի վարկանիշը հիմա աւելի բա՞րձր է, քան 2021-ին էր, Ազգային Ժողովի նախագահը պատասխանած է՝ համեմատելի չեն, քանի որ 2021-ի քուէարկութիւնը լրիւ այլ բանի մասին էր, վարկանիշային քուէարկութիւն չէր, այլ հայ ժողովուրդի պատասխանն էր միջազգային տարբեր կեդրոններուն: