Ամերիկայի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակի առիթով Լոս Անճելըսի ԹՄՄի վարչութիւնը նախաձեռնած էր յոբելենական տարեդարձը իր մեծ երախտաւորին՝ մայէսթրօ Համբարձում Պէրպէրեանին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Այս տարի կը լրանայ Ամերիկայի մէջ Թէքէեան Մշակութային միութեան հիմնադրութեան 55ամեակը։ Այս բարեբաստիկ առիթով Մեծագոյն Լոս Անճելըսի ԹՄՄի երիտասարդ վարչութիւնը նախաձեռնած էր յոբելենական տարեդարձը նուիրել իր մեծ երախտաւորին՝ մայէսթրօ Համբարձում Պէրպէրեանին։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 6ին, Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանն ու տիկինը։ Հակիրճ խօսքով մը հանդէս գալով հիւպատոսը իր շնորհակալական խօսքին մէջ շեշտեց մշակոյթի դերը եւ դրուատանքի խօսքեր ըսաւ կազմակերպողներուն։
Հանդիսութիւնը յագեցած էր Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւններու կատարումներով՝ մեներգներ, ջութակ, որոնց կատարողները կը հանդիսանային Լոս Անճելըսի լաւագոյն երաժիշտներէն ոմանք, ինչպէս Անահիտ Ներսիսեան (մեներգ), Պերճ Քարազեան (թենոր), Անջելա Ամիրեան (ջութակ), Հռիփսիմէ Ռշտունի (դաշնամուրի ընկերակցութիւն)։ Սրտառուչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Պէրպէրեանի ամէնէն տարեց մտաւորական աշակերտը՝ դոկտ. Զաւէն Ա. քահանայ Արզումանեան (տեսերիզով)։
Հանդիսատեսներուն մէջ զգալի թիւ մը կը կազմէին Պէրպէրեանի սան-սանուհիներ ու երգչախումբերուն մասնակցած անդամ-անդամուհիներ։ Աշակերտներուն անունէն սրտառուչ ելոյթ ունեցաւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի աշակերտներէն Տիգրան Էքիզեան, որ նախ իր անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն՝ այս գեղեցիկ հանդիսութիւնը յղանալուն համար։ «Սիրելի եւ անմոռանալի ուսուցիչ,- ըսաւ ան,-ես եւ քու բազմաթիւ աշակերտներդ աշխարհասփիւռ, այսօր կ՚ուզենք փոխանցել մեր երախտաշատ զգացումները քեզի եւ քու սրբազան հոգիիդ, որ կեանք մը ամբողջ նուիրեցիր հայ երաժշտութեան, եւ մեր հոգիներուն մէջ ծաղկեցուցիր անմահ սէրը մեր պանծալի մշակոյթին, մեր աննման երգին եւ երաժշտութեան»։
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ ԹՄՄի 55ամեակի կարկանդակը կտրելու արարողութիւնը՝ ձեռամբ վաստակաւոր թէքէեանական Բարսեղ Գարթալեանի, ապա բեմ հրաւիրուեցան Պէրպէրեանի սան-սանուհիները նկարով մը օրուան յիշատակը յաւերժացնելու համար։
Երաժշտութեան եւ երգի մեր անփոխարինելի ուսուցիչը երեւոյթ մըն էր Միջին Արեւելքի, բայց յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր 50-60ականներուն հայ մշակութային եւ երաժշտական կեանքը աննախընթաց վերելք մը ապրեցաւ՝ երգչախումբեր, նուագախումբեր, երգի-պարի համոյթներ, տօնահանդէսներ (Պաալպեք)՝ Պէյրութը վերածեր էին Արեւելքի Փարիզի, իսկ հայերուս պարագային՝ Երեւանի։
Պէրպէրեան ոչ միայն գլխաւոր դերակատարներէն մէկն էր այս ծաղկունքին, այլեւ հիմնադիրներէն մէկը։ Իր ցուցաբերած վաստակին առ ի գնահատանք 1978ին Երեւան հրաւիրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ մեծ շուքով։
Այսօրուան պէս կը յիշեմ Երեւանի Ֆիլհարմոնիային մէջ մայէսթրոյին ստեղծագործութիւններուն նուիրուած շքեղ համերգը, որուն իր ներկայութեամբ մեծ շուք կու տար Վազգէն Ա. հայրապետը, իր շքախումբով։ Ֆիլհարմոնիայի նուագախումբը կատարեց Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւնները, իսկ մեներգողներն էին «Հայաստանի Սոխակ» Գոհար Գասպարեան («Կ՛անձրեւէ տղաս»), եւ անզուգական Լուսինէ Զաքարեան։
(Յապաւուած)