Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է զուիցերահայ գործարար եւ բարերար Վահէ Գաբրաշը։ Զրուցակիցներն անդրադարձած են օրերս Գիւմրիի մէջ բացուած Հայ-զուիցերական հիւրընկալութեան ակադեմիայի (SAAH) գործունէութեան։
Վարչապետ Փաշինեանը կարեւորած է ակադեմիայի դերը Հայաստանի կրթական եւ զբօսաշրջային ոլորտներու զարգացման գործին մէջ՝ նշելով, որ այն հնարաւորութիւն կը ստեղծէ երիտասարդներու եւ մասնագէտներու համար ստանալու միջազգային որակի մասնագիտական կրթութիւն՝ առանց երկիրը լքելու։
SAAH-ը հիմնուած է աշխարհի առաջատար հիւրընկալութեան կառավարման կրթական հաստատութեան՝ Լոզանի հիւրընկալութեան դպրոցի հետ համագործակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Վահէ Գաբրաշի կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող տնտեսական ծրագրերու ընթացքին առնչուող հարցեր։
Վարչապետը բարձր գնահատած է ներդրումային ծրագրերու իրականացումը՝ երկրի զարգացման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման եւ միջազգային ձեռնարկատիրական կապերու ընդլայնման պարունակին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է Կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աշխուժ համագործակցութիւնը մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու հետ։