image

Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում փրոֆ. Եուրի Սարգսեանի հետ

Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում փրոֆ. Եուրի Սարգսեանի հետ

Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի նախկին նախագահ փրոֆ. Եուրի Սարգսեան իր Միացեալ Նահանգներ կատարած կարճատեւ այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ  Լոս Անճելըսի շրջանի ճարտարագէտներուն, գիտնականներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։ Հանդիպումը կազմակերպած են համալսարանի շրջանաւարտից միութիւնը, «Արփա» հիմնարկն ու Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Կլենտէլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ։

Փրոֆ. Եուրի Սարգսեան պիտի ներկայացնէ 2016-2020 տարիներու Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի ծրագիրները եւ այդ գծով սփիւռքահայ մասնագէտներուն առաջարկները պիտի ունկնդրէ։