Վատիկանի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայի՝ Միքայէլ Մինասեանի նկատմամբ նոր քրէական հետապնդում նախաձեռնուած է։ Այս մասին յայտնած է Հանրային հեռուստաընկերութիւնը։
Նշուած է, որ ան կ'անցնի 76 դրուագով, պետութեան 350 միլիոն տոլարի վնաս պատճառած է ։
«Փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել, որ Միքայէլ Մինասեանը տեւական ժամանակ առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւններ կատարելու, հակամրցակցային գործունէութեան, կաշառք տալու, պաշտօնէական դիրքը չարաշահելու, փողերի լուացումներ իրականացնելու համար ստեղծել եւ ղեկավարել է յանցաւոր կազմակերպութիւն։ Դրանում բազմաթիւ անձինք են ընդգրկուած»,- Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան տնտեսական գործունէութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու գործերով վարչութեան պետ Սամուէլ Յակոբեան։
Դատախազութեան տուեալներով՝ ընդհանուր առմամբ, գործով որպէս մեղադրեալ կ'անցնի 13 անձ։ Անոնցմէ են «Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Վազրիկ Սեկոյեան, «Տապլթրի պայ Հիլթոն» հիւրանոցային համալիրի սեփականատէր Տիգրան Եղոյեան։
Մեղադրեալներէն 3-ը ձերբակալուած է։
Դատախազ Յակոբեան նշած է նաեւ, որ ըստ մեղադրանքին՝ Մինասեան իր մտերիմ Լէոնիտ Արեւշատեանի հետ յափշտակած է պետական ռատիոընկերութեան շուրջ 600 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքը, կատարած փողերու լուացում։ Այդ նպատակով ստեղծուած է «Միջազգային ռատիոցանց» ընկերութիւնը։
Ըստ գերատեսչութեան՝ մէկ այլ դրուագով ալ Միքայէլ Մինասեան կազմակերպած է Սիւնիքի մարզի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի եւ անոր մերձաւորի կողմէ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանէն (ԶՊՄԿ) շուրջ 18 միլիառ դրամի յափշտակութիւն։ Դրուագներու շարքին կը յիշատակուի նաեւ «Սփայքա» ընկերութեան բաժնետոմսերու ապօրինի ձեռքբերումը։
Դատախազը, շարունակելով ներկայացնել բոլոր դրուագները, նաեւ ընդգծած է, որ Միքայէլ Մինասեան, ունենալով յանցաւոր ծագում ունեցող շուրջ 25 միլիոն եւրօ, այն փոխանցած է զուիցերական դրամատան մէջ իր եւ մերձաւոր ազգականի անուամբ բացուած 3 հաշուեհամարի։
«2011 թուականին նշուած գումարներից շուրջ 5 մլն տոլարն ուղղուել է «Շանթ» հեռուստաընկերութեանը, որի արդիւնքում Մինասեանը դարձել է այդ ընկերութեան 48 տոկոս սեփականատէրը»,- ըսած է Յակոբեան։
Դատախազութենէն յայտնած են նաեւ, որ միւս մասն ալ թաքցնելու համար մօտ 5,7 միլիոն տոլարն ուղղուած է «Եուքոմ» ընկերութեան բաժնետոմսերու ձեռքբերման՝ դառնալով 29 տոկոսի բաժնետէր։ Եւս 3 միլիառ 200 միլիոն դրամով Մինասեան ձեռք բերած է «Երեւան մոլի» բաժնետոմսերու 30 տոկոսը։