image
Հրատապ լուրեր:

ԱԳՆ-ն կը խուսափի պատասխանել սուրիացի վարձկաններու փոխանակման հարցին

ԱԳՆ-ն կը խուսափի պատասխանել սուրիացի վարձկաններու փոխանակման հարցին

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը խուսափի յստակ պատասխանել հարցին՝ արդեօք կը քննարկուի սուրիացի վարձկաններու փոխանակումը Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հետ։

2021-ին Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած վարձկան երկու ահաբեկիչները՝ Սուրիոյ քաղաքացիներ Մուհռապ Մուհամմատ ալ-Շխերին եւ Եուսէֆ Ալապետ ալ-Հաճին, դատապարտեց ցմահ ազատազրկման։

«ՍիվիլՆեթ»ը գրաւոր դիմած էր Արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ խնդրելով պարզաբանել, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու օրակարգին մէջ ներկայիս կը քննարկուի վերոնշեալ երկու դատապարտեալները՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ (կամ) պահուող այլ անձանց հետ փոխանակման հարցը։ Հետաքրքրուած էինք նաեւ՝ 2021-էն ի վեր երբեւէ այդ հարցը քննարկուա՞ծ է։

«Ադրբեջանում գտնուող հայ ռազմագերիների եւ պահուող այլ անձանց խնդրի հասցէագրումը շարունակում է լինել առաջնային օրակարգում, հարցի դրական յանգուցալուծման ակնկալիքով քննարկւում են տարբեր լուծումներ»,- նշած են Արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան քաղաքացիները կը շարունակեն պատիժ կրել Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան համապատասխան քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։ Աւելի վաղ այս մասին «ՍիվիլՆեթ»ի հարցմանն ի պատասխան յայտնած էին արդարադատութեան նախարարութենէն։