image

Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը

Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Լիբանանի վարչապետը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը  խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի յաղթանակին առիթով եւ վստահութիւն յայտնած, որ յառաջիկայ տարիներուն երկկողմանի համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի զարգանալ եւ  ամրապնդուիլ, այդ կարգին` տնտեսական ոլորտին մէջ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ  Սաատ Հարիրին քննարկած են հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու  օրակարգային զանազան հարցեր: