Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն ՝Տիար Արամ Գարատաղլեան օրերս մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցներու 30-րդ տարեկան համաժողովին։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Գարատաղլեանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Լուսանկարներ Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցներու 30-րդ տարեկան համաժողովի բացման արարողութենէն՝ «Քաղաքացիական դաստիարակութիւն, աւելի ժողովրդավարական ընկերութեան մը համար» խորագրին տակ, որ կազմակերպուած էր Եպիսկոպոսական յանձնաժողովի եւ Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցներու քարտուղարութեան գործադիր մարմնին կողմէ։
Նշենք, որ սոյն ժողովը տեղի ունեցած է Մարոնի Պատրիարքութեան հովանիով գործող Քասլիք շրջանի «Սուրբ Հոգի» համալսարանին մէջ եւ կրթական համակարգի գործիչներու մեծաթիւ ներկայութեան կողքին ժողովը պատուած են Հայ Կաթողիկէ ՆԱՏՏ Արհի. Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքն ու Մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Գարատաղլեան կը վարէ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ անդամ է Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու գործադիր մարմնին: Ան հաւատացողն է երիտասարդ սերունդին հետ աւելի առաջադէմ մօտեցում ունենալու ընտրանքին, ինչպէս կրթական համակարգը արդիական մեթոտներով համալրելու առաջնահերթութեան։