image

Զուրապաշվիլին մեր երկրի նախագահը չէ. Վրաց Վարչապետ

Զուրապաշվիլին մեր երկրի նախագահը չէ. Վրաց Վարչապետ

Սալոմէ Զուրապիշվիլին, երկրի Սահմանադրութիւնը խախտելէն յետոյ, փաստացի Վրաստանի նախագահը չէ։ Այս մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէ։

«Սալոմէ Զուրապիշվիլին Վրաստանի նախագահը չէ: Ան ճանչցած է Սահմանադրական դատարանի օրինականութիւնը, երբ հայց է ներկայացուցած անոր։ Իսկ Սահմանադրական դատարանը որոշած է, որ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ոչ օրինական նախագահ է եւ որ ան Սահմանադրութիւնը խախտած նախագահ է։ Միակ բանը, որու շնորհիւ Սալոմէ Զուրապիշվիլին պաշտօնապէս կը պահպանէ նախագահի պաշտօնը, «Ազգային շարժման» (ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան - Խմբ.) աջակցութիւնն է»,- ճեպազրոյցին ըսած է Քոպախիձէ։

Անոր խօսքով՝ երբ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ չքուարկեց Զուրապիշվիլիի (պաշտօնանակ) իմփիչմընթի օգտին, ան դարձաւ «ոչ թէ Վրաստանի նախագահը, այլ «Ազգային շարժման» նախագահն ու անոր «սովորական խամաճիկը»։

2023-ին Զուրապիշվիլին քանի մը արտասահմանեան այցեր կատարած է՝ առանց կառավարութեան ղեկավարի համաձայնութեան։ Սահմանադրութիւնը թոյլ կու տայ Վրաստանի նախագահին արտաքին քաղաքականութեան մէջ ներկայացուցչական գործառոյթներ իրականացնել միայն վարչապետի համաձայնութեամբ։ Այդ կապակցութեամբ իշխող «Վրացական երազանք՝ Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութիւնը դիմած է Սահմանադրական դատարան՝ նախագահը պաշտօնանկ ընելու հարցով։ Սահմանադրական դատարանը պաշտպանած է Զուրապիշվիլիին հեռացնելու առաջարկը, սակայն իշխող կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ չունէր բաւարար ձայներ՝ իմփիչմընթ յայտարարելու համար (150 ձայնէն առնուազն 100-ը)։ Ընդդիմութիւնը չէ աջակցած Զուրապիշվիլիի իմփիչմընթին:

Աւելի վաղ Զուրապիշվիլի հայց ներկայացուցած էր Սահմանադրական դատարան՝ ընդդէմ խորհրդարանի ընդունած «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքին։ Նմանատիպ հայցեր ներկայացուցած են նաեւ ընդդիմութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ լրատուամիջոցները: Օգոստոսի վերջին դատարանը երեք նիստ գումարած է, որոնց ընթացքին լսած է կողմերու դիրքորոշումները։ Հայցուորները կը պահանջեն, որ օրէնքը ճանչնալ Սահմանադրութեան 78-րդ յօդուածին չհամապատասխանող: Ըստ այդ յօդուածին՝ իշխանութիւնները պէտք է ձեռնարկեն բոլոր միջոցները Վրաստանը ԵՄ-ին եւ ՆԱԹՕ-ին մէջ ներգրաւելու համար։