image
Հրատապ լուրեր:

Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Սամուէլ Կարապետեանը չի կրնար ըլլալ վարչապետի թեկնածու. Փաշինեան

Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Սամուէլ Կարապետեանը չի կրնար ըլլալ վարչապետի թեկնածու. Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատած է, որ գործող Սահմանադրութեան կարգաւորումներով Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիութիւն ունեցող գործարար, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանը չի կրնար Հայաստանի մէջ ըլլալ պատգամաւորի եւ վարչապետի թեկնածու:

Փաշինեան այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցին՝ արձագանգելով այն դիտարկման, թէ «Ուժեղ Հայաստան» քաղաքական ուժի ընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ Նարեկ Կարապետեանը, սակայն ուժն իր վարչապետի թեկնածու կը ներկայացնէ Սամուէլ Կարապետեանը:

«Ամբողջ աշխարհը գիտի, որ Ձեր նշած անձը չի կարող լինել պատգամաւորի եւ վարչապետի թեկնածու: Եթէ Հայաստանում դեռ մարդ կայ, որի համար սրա հետ կապուած ամէն ինչ դեռ պարզ չի, ի՞նչ կարող եմ ասել, ես ընդամէնը կարող եմ արձանագրել ակնյայտը»-ըսած է Փաշինեանը: