image

«Լիբանանի ինքնիշխանութեան ու անկախութեան մասին». Արամ Չափարեանի գրառումը

«Լիբանանի ինքնիշխանութեան  ու անկախութեան մասին». Արամ Չափարեանի գրառումը

Օրերս, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ բանագնացի տեղակալ Մորկըն Օրթակոս   Պաապտայի նախագահական  պալատէն յայտարարած է, որ իր երկիրը  դէմ է «Հըզպալլա»ի Լիբանանի նորակազմ կառավարութեանմաս կազմելուն։ 

 Այս յայտարարութեան  առընթեր ուշագրաւ գրառում մը կատարած է  լիբանանահայ  Արամ Չափարեան, որ ելեւմտագէտ է եւ վերջին տարիներուն հաստատուած է Քուէյթի մէջ։

 

 Չափարեան կը գրէ՝

«Այսօր Պաապտա պալատէն Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի նրբագեղ եւ գեղեցիկ յատուկ բանագնացի տեղակալի յայտարարութենէն ետք, որ «Հըզպալլա» պէտք չէ մաս կազմէ  նորակազմ կառավարութեան, եւ լսելով այս պահանջին առնչութեամբ այստեղէն մեկնաբանութիւն եւ այնտեղէն առարկութիւն, այստեղէն մեղադրանք  եւ այնտեղէն արդարացում, այստեղէն պաշտպանի եւ այնտեղէն յարձակողի կարծիքներ,  կը բարձրանայ հիմնական կարեւոր հարց՝ արդեօ՞ք այս մէկը չի համարուիր Լիբանանի ներքին գործերու միջամտութիւն:

Առանց երկար բացատրութիւններու ըսեմ. արդեօ՞ք Լիբանանի գործերու միջամտութիւն չէ, երբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը յայտարարէ, որ «Հըզպալլա» (լիբանանեան կուսակցութիւն, որ դրօշակ եւ ճանաչում ունի լիբանանեան պետութեան կողմէ) Լիբանանի մէջ Իրանի ներկայացուցիչն է, եւ անոր որոշումները կու գան Իրանէն, եւ ունի ֆինանսական եւ ռազմական պիւտճէ՝ յատկացուած Իրանի պետութեան կողմէ։ Արդեօ՞ք Լիբանանի ինքնիշխանութեան խախտում չէ, երբ Իրանի դեսպանը Լիբանանի մէջ ազատ անկախ կը յայտարարէ ինչ որ կ'ուզէ առանց պատասխանատուութեան կամ վերահսկողութեան: Ի՞նչ ինքնիշխանութեան մասին կը խօսիք, երբ դուք կնքահայրն էիք այս բոլոր եղածներուն տասնամեակներ շարունակ:

Ինչպէս Ժան Ժաք Ռուսօ ըսած է.- «Ազատութիւնը անհամատեղելի է կախուածութեան հետ, իսկ քաղաքական անկախութիւնը անհամատեղելի է արտաքին վերահսկողութեան հետ»: Ան նաեւ ըսած է.- «Երբ պետութիւնը ունի արտաքին ուժ մը, որ կ'ազդէ իր ներքին որոշումներուն վրայ, այդ պետութիւնը կը կորսնցնէ իր իրական անկախութիւնը»: Իսկ Ճոն Լոք ըսած է.- «Ինքնիշխանութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն այն պարագային, երբ իշխանութիւնը կը գտնուի ժողովուրդի ձեռքը, առանց որեւէ արտաքին ազդեցութեան»:

Ուրեմն մենք վաղո՜ւց կորսնցուցած ենք մեր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը...»