Ֆինանսական ոլորտի մասնագէտ՝ Արամ Չափարեանի գրիչէն կը կարդանք՝
Ժամանակի մը մէջ երբ տագնապները իրարու հանգուցուած են եւ վստահութիւնը նուազած, մեր առջեւ կը գտնենք ազգային պատասախանատուութիւն մը, զոր կարելի չէ յետաձգել: Այն դրամատնային տագնապը, զոր կ'ապրինք սոսկ դրամական խանգարում մը չէ, այլեւ պետութեան արդարադատութեան, քաղաքացիին արժանապատուութեան եւ երկրի հաստատութիւններուն ամրութեան դէմ ծառացած իսկական փորձութիւն մը:
Ոչ մէկ բարեկարգում կրնայ ազդու ըլլալ առանց վերադառնալու օրինական եւ սահմանադրական հիմնարկութիւններուն, որոնք կը կարգաւորեն դրամատնային հիմնարկութիւնները: Այդ բարեկարգումը կը սկսի՝ սահմանելով կառավարիչ նշանակելու իրաւասութիւնները, անցնելով կանխիկ դրամի եւ վարկային քաղաքականութիւններուն եւ հասնելով պետութեան ֆինանսական ռազմավարութիւնը մշակելուն: Եւ ատիկա պատասխանատուութիւն մըն է, որ կ'իյնայ ֆինանսներու նախարարութեան եւ կառավարութեան ուսերուն եւ կ'ենթարկուի օրէնսդիր իշխանութեան վերահսկողութեան, ըստ Սահմանադրութեան 65, 66 եւ 81-էն 87-րդ յօդուածներուն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Կեդրոնական Դրամատան, անոր սահմանադրական դերը յայտնի է եւ անիկա կը պարզուի 70, 71 եւ 75-րդ յօդուածներուն մէջ՝ նկատի առնելով նաեւ 69-րդ յօդուածի դրոյթները: Անոր շրջաբերականները կը համարուին գործադրելի օրէնքներ, զորս կարելի չէ չեղեալ համարել, ինչ որ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ անոր վրայ՝ կառավարելու ֆինանսական քաղաքականութիւնները եւ պաշտպանելու ֆինանսական կայունութիւնը:
Այս տեսակէտէն, կ'առաջարկեմ բարեկարգման ամբողջական տեսլական մը, որուն գործադրութեան ժամանակը հասած է արդէն: Բարեկարգում մը, որ կը վերագծէ ֆինանսական իշխանութեան սահմանները այնպէս մը, որ անոնք ծառայեն քաղաքացիին, ոչ թէ դրամատուներուն, եւ որ դրամատնային մարզի չափը կը պատշաճեցնէ երկրի տնտեսութեան մէջ անոր իսկական դերին՝ միեւնոյն ատեն վերասահմանելով պետական պարտքի կառոյցը եւ լուծելով Կեդրոնական Դրամատան պիւտճէի հարցը: Այդ տեսլականը կը ներառէ.
• Դրամատուներու դրամագլուխները վերասահմանել՝ անոնց նոր չափին համաձայն
• Կեդրոնական Դրամատան պիւտճէի բացի նուազեցնել
• Պետական պարտքի կառավարման համար բարեկարգման կայուն քաղաքականութիւն մը որդեգրել
Նաեւ կ'առաջարկենք, որ փոխուին կանխիկ դրամի եւ վարկային օրէնքները ինչպէս նաեւ ամբողջապէս իրարմէ անջատուին կանխիկ դրամի քաղաքականութեան կառավարումը՝ որ կը շարունակէ ըլլալ Կեդրոնական Դրամատան պատասխանատուութիւնը, եւ վերահսկողութեան ու քննութեան պատասխանատուութիւն՝ որ պէտք է յանձն առնուի Կեդրոնական Դրամատան հովանիին տակ գործող անկախ վարչութեան մը կողմէ:
Տրուած ըլլալով, որ բարեկարգումը բարի մտադրութիւններով չէ, որ կը գործադրուի, այլ՝ համարձակ որոշումներով, առաջարկուած քայլերը հետեւեալներն են.
· Տեղական դրամատուներուն թիւը նուազեցնել՝ զանոնք միաձուլելով կամ անոնց արտօնագիրները յետս կոչելով, նպատակ ունենալով փոքրացնել դրամատնային մարզի չափը
· Դրամական նոր առաստաղներ եւ հակակշիռ ի գործ դնել պետական գանձատան բացը գոցելու մէջ Կեդրոնական Դրամատան ֆինանսաւորման պարտաւորութեան մէջ
· Վերահսկողութեան մեքանիզմները արդիականացնել՝ քայլ պահելու համար համաշխարհային արհեստագիտական, ֆինանսական եւ թուային զարգացումներուն հետ
· Բարեկարգման նոր օրէնք մը որդեգրել, որ բացայայտօրէն կ'երաշխաւոր պետական ապահովութիւն բոլոր ներդրումներուն համար: Անիկա պէտք է հետեւեալ բանաձեւը ունենայ. «Պետութիւնը յանձնառու է տեղական դրամատուներուն մէջ դրուած բոլոր աւանդներու երաշխաւորման կամ ապահովութեան եւ ատիկա կը վերաբերի բոլոր տեսակի վարկերուն, ներառեալ՝ խնայողութեան հաշիւներուն, ընթացիկ հաշիւներուն, եւ բոլոր թղթադրամներով հաշիւներուն՝ տեղական եւ օտար, դրամատուներուն բոլոր յաճախորդներուն համար»:
· Բարեփոխել թիւ 91/110 օրէնքը եւ հաստատել շուկային մէջ (տոլարի) փոխանակման իրական արժէքը որոշելու թափանցիկ մեքանիզմ մը՝ Կեդրոնական Դրամատան կողմէ ճշդուած անուանական արժէքին կողքին, քաղաքական, հիմնարկային եւ հարկային բարեկարգումներուն զուգահեռ:
Քանի որ արդարութիւնը կը սկսի բոլորին իրաւունքը տալով, կարելի չէ, որ իր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող զինուորը տակաւին անկարող ըլլայ իր հաշիւէն դրամ հանելու եւ ուսուցիչը՝ որ սերունդներ դաստիարակած է, զրկուած մնայ իր խնայողութենէն: Ատոր համար կ'առաջարկենք սկսիլ գործադիր որոշումներու կիրակում, եւ իբրեւ առաջին հանգրուան ընել հետեւեալները.
· Լիբանանի ապահովական հաստատութիւններուն (բանակ, քաղաքացիական պաշտպանութիւն, ներքին ապահովութիւն, հրշեջ ծառայութիւն, պետական անվտանգութիւն եւ ուրիշներ) հետ կապուած յաճախորդներուն հաշիւներէն արգելքը վերցնել եւ արտօնել, որ անոնք կարենան դրամ հանել իրենց հաշիւներէն՝ ինչպէս որ էին այդ հաշիւները 2019-էն առաջ:
· Պետական պիւտճէն ստուգելէ ետք, սկսիլ երկրորդ հանգրուանը, որուն ընթացքին կը վերցուի արգելքը կրթական հաստատութիւններուն մէջ աշխատողներուն հաշիւներէն (կրթութեան նախարարութիւն, համալսարաններ, պետական եւ անձնական դպրոցներ), որպէսզի անոնք ալ կարենան դրամ հանել իրենց հաշիւներէն՝ ինչպէս որ էին անոնք 2019-էն առաջ:
Ընտրեցինք այս խումբերով սկսիլ, որովհետեւ հայրենիքին էութիւնը հիմնուած է պաշտպանութեան մարմիններուն եւ կրթութեան հաստատութեան վրայ: Ասոնք են երկու գլխաւոր սիւները պետութեան եւ ընկերութեան: Եւ այդ կէտէն սկսելով, յառաջ կ'երթանք քայլ առ քայլ դէպի համապարփակ լուծում, որ կը պարունակէ բոլոր դրամատուներու յաճախորդները՝ նպատակ ունենալով վերականգնել մարդոց վստահութիւնը դրամատուներուն եւ դրամական հաստատութիւններուն նկատմամբ:
Տիկնայք եւ պարոնայք, այն ինչ որ կ'առաջարկենք մենք այսօր սոսկ թեքնիք ծրագիր մը չէ, այլեւ ազգային զարթօնքի կոչ մըն է: Զարթօնքը կը սկսի զինուորին եւ ուսուցիչին իրաւունքները պաշտպանելէն եւ կ'ընդարձակի ընդգրկելու ամէն
քաղաքացի, որ իր վստահութիւնը դրած էր դրամատուներուն վրայ եւ որուն իրաւունքները խախտուած են:
Եթէ ես ըլլայի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը, վերոնշեալ որոշումները կը կայացնէի ամենայն խստութեամբ՝ ի մտի ունենալով քաղաքացիին շահը, երկրի տնտեսութեան կայունութիւնը եւ հաստատութիւններուն հանդէպ վստահութեան վերականգնումը:
Եզրակացնելու համար, եթէ ես ըլլայի...