image
Հրատապ լուրեր:

Մահրապ. «Լիբանանեան ուժեր»ու նախագահ Տօքթ. Սամիր Ժաաժա ընդունած է Կաթողիկէ Պատուիրակութիւն մը

 Մահրապ. «Լիբանանեան ուժեր»ու նախագահ  Տօքթ.  Սամիր  Ժաաժա ընդունած է Կաթողիկէ Պատուիրակութիւն մը

Շաբաթ օր   Իգնատիոս արք. Մալոյեան    սրբադասման առթիւ  պիտի մատուցուի հայածէս Սուրբ Պատարագ Լիբանանի Մարոնի  համայնքի  կարեւորագոյն  կրօնական  կեդրոնատեղիներէն համարուող՝  «Հարիսա»ի  Պազիլիքային  մէջ։

Այս առթիւ  ալ   «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով հրաւիրուած են Լիբանանի կրօնական թէ աշխարհիկ բարձրաստիճան  պատասխանատուներ եւ գործիչներ։

Նոյն ծիրին մէջ  եւ ըստ   «Լիբանանեան  ուժեր»ու պաշտօնական էջին   կուսակցութեան նախագահ  Տօքթ. Սամիր Ժաաժայի՝ «Մահրապ» շրջանի   կեդրոնատեղի այցելած են  Հայ Կաթողիկէ   համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը  հրաւիրելու համար Ժաաժան  սոյն  հոգեպարար  արարողութեան։

 Պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Գերյ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վ. Զահթերեան,    վանքի վանահայրը,ինչպէս նաեւ  համայնքի    ժրաջան  գործիչներէն՝  Հայ Կաթողիկէ  Սուրբ Խաչ  Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեան։

 Հիւրերը  Տօքթ. Ժաաժայի կողքին ընդունած է   կուսակցութեան գործունեայ ներկայացուցիչ  նախկին նախարար՝ Ռիշար Գույումճեան։ Պատուիրակութիւնը  Տօքթ. Ժաաժային յանձնած հրաւէր մասնակցելու շնորհակալութեան Պատարագին, որ տեղի պիտի ունենայ Ս. Մալոյեանի սրբադասման առիթով՝  յառաջիկայ շաբաթ  օր ընթացիկ 15, Նոյեմբերին։   Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը պիտի  մատուցէ Կիլիկիոյ Տան Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս  Ն.Ա.Գ.Տ.Տ.  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան։