image

Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը պատրաստ են զիջումներու, եթէ ...Փաշինեան խօսած է AFP-ին

Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը  պատրաստ են զիջումներու, եթէ ...Փաշինեան խօսած է AFP-ին

ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը դիմատետրի իր էջին ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղիղ խօսքը AFP գործակալութեան:

«Շահարկումներէն խուսափելու նպատակով, կը ներկայացնեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղիղ խօսքը AFP գործակալութեան։

«Հակամարտութիւններու կարգաւորումը պէտք է իրականացուի փոխզիջումներու հիման վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը պատրաստ են զիջումներու այնքանով, որքանով Ատրպէյճանն է պատրաստ զիջումներու»:

Կը յորդորեմ ԶԼՄ գործընկերը զերծ մնալ վարչապետի խօսքը բուն պարունակութենէն դուրս, ոչ ամբողջական կամ սեփական մեկնաբանութեամբ ներկայացնելէ»,- գրած է Գէորգեանը: