image

Հայաստանը Եւրոմիութեան համար առանցքային գործընկեր է․ Ֆոն տէր Լեյենը ամփոփած է ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպումը

Հայաստանը Եւրոմիութեան համար առանցքային գործընկեր է․ Ֆոն տէր Լեյենը ամփոփած է ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպումը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միտքերու շատ բովանդակալից փոխանակում ունեցանք՝ յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը։  

«Շնորհաւորեցինք Հայաստանը՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ, Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգերու նախագահի աջակցութեամբ, ձեռք բերուած պատմական առաջընթացի կապակցութեամբ։ Սա կարեւոր քայլ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ճանապարհին։

Վճռական ենք՝ խորացնելու մեր համագործակցութիւնը։ Հայաստանը Եւրոմիութեան համար  առանցքային գործընկեր է։

Մեր Global Gateway ռազմավարութեան միջոցով մենք պիտի զարգացնենք տարածաշրջանային հաղորդուղիները. այն կ՚ընդգրկէ առեւտուրը, փոխադրութիւնը, ուժանիւթը եւ թուային արհեստագիտութիւնները:

Անհամբեր կը սպասենք 2026 թո ականի առաջին կէսին Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին»,- X-ի իր էջին գրած է Ֆոն տեր Լեյենը: