image

Le Monde-ի կարեւոր անդրադարձը. Փաշինեանի իշխանութիւնը ... եւ յուսահատութիւնը

Le Monde-ի կարեւոր անդրադարձը. Փաշինեանի իշխանութիւնը ... եւ յուսահատութիւնը

 

Հայաստանի մէջ 2018 թուականի համաժողովրդական շարժման էյֆորիան (գերերջանկութիւն-Խմբ.), որ իշխանութեան բերաւ Նիկոլ Փաշինեանը, իր տեղը կը զիջի յուսահատութեան զգացումին: Այս մասին գրած է Երեւանի մէջ ֆրանսական Le Monde պարբերականի թղթակից Ֆաուսթինա Վենսանը:
«Անհրաժեշտ չէ շատ հեռու անցեալ վերադառնալ՝ յիշելու համար ժողովրդական ընդվզման հետեւանքով առաջացած մեծ յոյսերը, որոնց ստեղծողը երիտասարդներն էին: Այն տեղի կ'ունենար 2018-ի գարնան: Պատգամաւոր եւ նախկին լրագրող Նիկոլ Փաշինեանը  երկար երթ սկսած էր ամբողջ հանրապետութեամբ՝ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի «ռեժիմը» տապալելու նպատակով: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ շուտով միացան անոր: Բազմութիւնը կ'երգէր ու կը պարէր փողոցներուն մէջ: Ոգեշնչուած բնակչութիւնը կ'երազէր «նոր Հայաստան»ի մասին, որ խոստացուած էր անոնց այս խաղաղ ու ուրախ յեղափոխութեան հերոսի կողմէ: Նիկոլ Փաշինեանը, որ անմիջապէս ընտրուեցաւ վարչապետ, կը վայելէր աննախադէպ օրինականութիւն եւ ժողովրդականութիւն»,-գրած է յօդուածագիրը:
Երկուքուկէս տարի անց Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը ոչնչացուց այդ յոյսերը եւ ցնցեց Հայաստանը: Հիմա մարդոց չի հետաքրքրեր խոստացուած բարեփոխումները, եւ այն, թէ արդեօ՞ք տեղական մանր քորուփցիան ճնշած Նիկոլ Փաշինեանը վերջապէս կը լուծէ խոշոր օլիկարխներու հարցերը, թէ ոչ:
Առաջնահերթութիւնները կտրուկ փոխուած են: Երկիրը պէտք է ուշքի գայ ջախջախիչ պարտութենէն, որուն հետեւանքով մահացած է 2300-է ոչ պակաս մարդ, ընդունի 100 000 փախստականի հոսք եւ յաղթահարէ «Քորոնա» ժահրի կտրուկ աճը»,-գրած է Վենսանը:
«2018 թուականին անոնք յոյսի շող ունէին: Այն երկարեցաւ 2 տարի: Այսօր երկիրը անդունդի մէջ է: Հայաստանի համար սա զէրօ տարի էր»,-ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը:
Այժմ բնակչութեան մէկ մասը յեղափոխութեան երէկուայ հերոս Նիկոլ Փաշինեանը կը համարէ «դաւաճան», քանի որ ան 9 նոյեմբերին ստորագրած է հրադադարի պայմանագիր` ճանչնալով Ատրպէյճանի յաղթանակը: Իր դիմատետրեան էջին կէսգիշերին յայտարարած լուրը բոլորին անակնկալի բերած էր, քանի որ բնակչութիւնը պատրաստ չէր պարտութեան»,-գրուած է յօդուածին մէջ:
«Յեղափոխութեան ընթացքին հայերը կ'երազէին նոր ապագայի մասին: Այժմ անոնց կը հետապնդեն 1915 թուականի Ցեղասպանութեան յիշողութիւնները, որոնք վերածնած են իրենց ատրպէյճանցի եւ թուրք թշնամիներու յաղթանակէն ետք, եւ անոնք ունին մէկ պարզ հարց. արդեօք կը կարենա՞ն գոյատեւել», - եզրափակած է յօդուածը Ֆաուսթինա Վենսանը: