image

Լաթաքիոյ մէջ անվտանգային իրավիճակը բարելաւուած է

Լաթաքիոյ մէջ անվտանգային իրավիճակը բարելաւուած է

Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մէջ անվտանգային իրավիճակը բարելաւուած  է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրիոյ մէջ հրապարակուող «Գանձասար» պարբերականը։

«Մարտ 17-ին Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանին մէջ վերսկսած է կրթական գործընթացը։ Տեղական միւս վարժարաններն աշխատանքները վերսկսած են մարտ 16-էն։

Վերականգնուած են համացանցի ծառայութիւնն ու ջուրի մատակարարումը։ Քաղաքաի բոլոր աշխատավայրերը վերսկսած են գործունէութիւնը»,- նշած է թերթը։

Մարտ 6-ին Սուրիոյ արեւմուտքը՝ Լաթաքիա եւ Թարթուս նահանգներուն մէջ, սկսած էին զինուած բախումներ ալաուիներու եւ Սուրիոյ անվտանգութեան ուժերու միջեւ։ Ըստ հաղորդագրութիւններու՝ բախումները բռնկած էին այն բանէ ետք, երբ ալաուիական խումբերը դուրս եկած էին փողոց՝ բողոքելով Հայաաթ Թահրիր ալ-Շամ խմբաւորման (HTS) դէմ, որ իշխանութեան եկած է Սուրիոյ մէջ Ասատներու իշխանութեան տապալումէն ետք։