image

Իրանի շուրջ իրավիճակը կը մնայ անորոշ. Թրամփ

Իրանի շուրջ իրավիճակը կը մնայ անորոշ. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Իրանի շուրջ իրավիճակը կը մնայ անորոշ, սակայն Թեհրանը հետաքրքրուած է բանակցութիւններով։

Axios-ի հետ հարցազրոյցին Թրամփ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները մեծ նաւատորմ ուղարկած է Իրան, այդ շարքին՝ հարուածային խումբ՝ USS Abraham Lincoln օդանաւակիրի գլխաւորութեամբ, որ մտած է Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատւութեան գօտի։ Այդուհանդերձ, Թրամփ ընդգծած է, որ դիւանագիտական ​​լուծումը դեռ հնարաւոր է։

«Անոնք կ՚ուզեն գործարք կնքել։ Ես այդ գիտեմ։ Անոնք բազմիցս կապի մէջ եղած են եւ կ՚ուզեն խօսիլ»,-ըսած է նախագահը։

Թրամփ առաջին անգամ չէ, որ բարձրաձայնած է Իրանը հարուածելու հնարաւորութեան մասին, սակայն, ըստ Axios-ի, վերջնական որոշում դեռ չէ կայացուած, եւ նախագահը կը շարունակէ խորհրդակցիլ իր ազգային անվտանգութեան խորհրդականներու հետ։ 

Սպիտակ տունը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը դեռ կը պահպանէ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնը։ Միացեալ Նահանգները ներկայիս կը մեծցնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ տեղակայելով լրացուցիչ կործանիչներ, հրասայլեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր:

Axios-ի աղբիւրներու համաձայն՝ Փենթակոնը կը պատրաստուի նախագահի հնարաւոր հրամանին, իսկ Միացեալ Նահանգները կեդրոնական հրամանատարութեան հրամանատար, ծովակալ Պրետ Քուփըրն արդէն խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ Իսրայէլի մէջ՝ պաշտպանութեան համակարգման եւ հնարաւոր համատեղ ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ: