Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ, հաղորդած է Քրեմլը:
Քննարկուած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի մէջ տիրող իրավիճակը։
Վլատիմիր Փութինը ներկայացուցած է իր հիմնարար մօտեցումները տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերն աշխուժացնելու վերաբերեալ։
Ռուսական կողմը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը շարունակել ձեռնարկելու համապատասխան միջնորդական ջանքեր եւ նպաստելու կառուցողական երկխօսութեան խթանման՝ բոլոր շահագրգիռ պետութիւններու մասնակցութեամբ։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու շփումները տարբեր մակարդակներով։