Երեւանի մէջ ապրիլ 11-ի երեկոյեան ժամերուն, 12-14-ին կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ, 15-16-ին անձրեւ, հնարաւոր է նաեւ ամպրոպ։ Ապրիլ 12-ին կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 10-13մ/վ արագութեամբ։
Մարզերուն մէջ ապրիլ 11-ի ցերեկը, 12-14-ին` առանձին շրջաններու մէջ, 15-16-ին շրջաններու մեծ մասի մէջ օրուան ընթացքին կը սպասուի անձրեւ, առանձին հատուածներու մէջ նաեւ ամպրոպ: Ապրիլ 12-14-ին գիշերը լեռնային շրջաններու մէջ տեղումները պիտի դիտուին ձիւնի տեսքով։
Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 5-8մ/վ: Առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ ապրիլ 11-ին` 18-23 մ/վ, 12-ին, 15-ին՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանն ապրիլ 11-ի ցերեկը պիտի նուազի 2-4 աստիճանով։