«Անհրաժեշտ պայմաններու առկայութեան պարագային մենք պատրաստ ենք Հայաստանի հետ կարգաւորման»,– յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը՝ նշելով, որ նոր ժամանակաշրջանին համար անհրաժեշտ քայլերը յայտնի են։
Ֆիտան այս մասին խօսած է Յունիս 18-ին թրքական լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ ամփոփելով Մոսկուա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները։ Ան Յունիս 16-17-ին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուած էր Ռուսիա, ուր շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ներառեալ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումներու ընթացքին, քննարկած էր նաեւ Հարաւային Կովկասին առնչուող հարցեր։
Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացին անդրադառնալով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռնարկած քայլերը՝ նշելով, որ ատոնց ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան քայլեր ձեռնարկած է ազատ առեւտուրի եւ օդային հաղորդակցութեան բնագաւառներուն մէջ։
Աւելի վաղ՝ Յունիս 8-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ողջունելով Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները, տարածաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանէն «խիզախ» քայլեր ակնկալած էր։
Նոյն օրը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի իր գործընկերներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստան-Թուրքիա գործընթացը կապելով Ատրպէյճան-Հայաստան կարգաւորման գործընթացին, յոյս յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի հիմնաւոր մտահոգութիւններու փարատումէն ետք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր պիտի ստորագրուի։