image

Լոս Անճելըսի մէջ. Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան փոխադարձ այցելութիւն տուաւ Գերշ. Տ. Յովնան արք.ին

Լոս Անճելըսի մէջ. Գերշ. Տ.  Գեղամ արք.  Խաչերեան փոխադարձ այցելութիւն  տուաւ Գերշ.  Տ. Յովնան արք.ին

Օրերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եղբայրական փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, ընկերակցութեամբ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի:

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Չորեքշաբթի, 26 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եղբայրական փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, ընկերակցութեամբ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի: 

Հոգեւոր հայրերու միջեւ զրոյցը ընթացաւ Արեւմտեան թեմը աւելի եւս բարելաւելու եւ պայծառացնելու նպատակով աշխատանքային հասարակաց ծրագիրներ խթանելու անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ:

Երկու առաջնորդները նաեւ իրենց փորձառութիւններուն հիմամբ անդրադարձան ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց հայ ընտանիքին եւ հայ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կատարեցին շինիչ դիտարկումներ եւ փոխանակեցին կարծիքներ: 

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ծաւալած զրոյցին ընթացքին, միացեալ գործակցութեան իբրեւ գործանական քայլ՝ կարեւոր նկատուեցաւ երկու կողմերուն մասնակցութեամբ յառաջացնել յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի ծրագիրներու համադրութեամբ: