image

Հայաստանի կողմէ Պաղեստին Պետութեան ճանաչումը կը նպաստէ պաղեստինցիներու իրաւունքներու վերականգնման. Սուրիոյ ԱԳՆ

Հայաստանի կողմէ Պաղեստին Պետութեան ճանաչումը կը նպաստէ պաղեստինցիներու իրաւունքներու վերականգնման. Սուրիոյ ԱԳՆ

Սուրիան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի կողմէ Պաղեստին Պետութեան ճանաչումը՝ ընդգծելով, որ որոշումը կը նպաստէ Պաղեստինի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներու վերականգնման:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է SANA գործակալութիւնը, այս մասին ըսուած է Սուրիոյ Արտաքին գործերու եւ արտագաղթի հարցերով նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«Սիրիան կը պնդէ, որ այս խիզախ որոշումը կը նպաստէ պաղեստինցիներու օրինական ձգտումներուն՝ հիմնելու իրենց անկախ պետութիւնը՝ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: