image

Ղրղզստանի մէջ կանխուած է պետական յեղաշրջման փորձ

Ղրղզստանի մէջ կանխուած է պետական յեղաշրջման փորձ

Ղրղզստանի հետախուզական ծառայութիւնները կանխած են երկրի մէջ իշխանութիւնը բռնի զաւթելու փորձը, հաղորդած է երկրի Ազգային անվտանգութեան պետական կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը։

«Կասեցուած է իշխանութեան բռնի զաւթում իրականացնելու եւ երկրին մէջ հասարակական-քաղաքական իրավիճակն ապակայունացնելու ծրագրեր մշակած ապակառուցողական խումբի ապօրինի գործունէութիւնը:

Այն ծրագրած էր իր նպատակներուն հասնիլ՝ կազմակերպելով զանգուածային անկարգութիւններ, որոնց պէտք է ուղեկցէին քաղաքացիներու շարքերէն մահեր»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերատեսչութենէն նշած են, որ խումբը բաղկացած եղած է յանցաւոր գաղափարախօսութեան կողմնակիցներէ եւ կրօնական ծայրայեղականներէ։Անվտանգութեան ուժերը բերման ենթարկած են Ղրղզստանի չորս քաղաքացի, որոնք կը գտնուին քննչական մեկուսարանի մէջ:

Կասկածեալներու տուներն ու մեքենաները խուզարկուած են, անոնց մէջ յայտնաբերուած են ինքնաշէն ռումբերու բաղադրամասեր, զէնք, զինամթերք, զրահաբաճկոններ, համազգեստներ, անօդաչու թռչող սարքեր, ծայրայեղական գրականութիւն եւ այլ արգիլուած իրեր։