Գանատահայ մեր հայրենակցուհի՝ Մայտա Մէլէնկիչեան, որ շաբաթ մը առաջ տեղափոխուած է հիւանդանոց, ստանալով բժիշկներու անմիջական խնամքը պիտի վերադառնայ իր բնակարանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի իր աղբիւրներէն։
Նշենք, որ Տիկին Մայտա Մէլէնկիչեան երէցկին է եւ ան Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէլէնկիչեանի տիկինն է։
Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք նուիրեալ հայուհիին։