image

Երեւանի մէջ. Վահէ Հայիթեանի կորուստը

 Երեւանի մէջ. Վահէ Հայիթեանի կորուստը

Վահէ իր գիտակցական կեանքի հիմնական մասը ապրած է Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ ու մաս կազմած ՀՅԴաշնակցութեան։  Հեզ, լռակեաց ու գործին հաւատացող Վահէին մասին կարելի է երկար գրել, անոր ընկերասիրութիւնը, գաղտնապահութիւնը ու նաեւ  ազգային արժէքներու հանդէպ նախանձախնդրութիւնը եղած են ուրոյն գիծեր, ժամանակի մը ընթացքին, որ եղած է բուռն զարգացումներով լեցուն եւ քաղաքացիական պատերազմի շեշտերով «հարուստ»  վտանգաւոր շրջափուլ մը։

 Նոյն այդ տարիներուն Վահէն մասնակցութիւն կը բերէ Պէյրութի հայկական թաղերու պաշտպանութեան վեհ գործին ու կը դառնայ հարազատ եւ անդաւաճան մէկ անդամը, այսպէս ասած, «Քալաշնիքովի սերունդ»ին։

Սերունդ, որուն համար գործի դաշտը Պէյրութն էր, իր բազմապիսի երեսներով, որ սակայն չմոռցաւ, որ իր էութիւնն ու նուիրումի սրբազան վայրերը Արցախն ու Հայաստանն են։ 

 

 

Օրերս, յետ կարճատեւ հիւանդութեան Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստան հաստատուած արմատներով հալեպահայ Վահէ Հայիթեանը։

Վահէ իր գիտակցական կեանքի հիմնական մասը ապրած է Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ ու մաս կազմած ՀՅԴաշնակցութեան։  Հեզ, լռակեաց ու գործին հաւատացող Վահէին մասին կարելի է երկար գրել, անոր ընկերասիրութիւնը, գաղտնապահութիւնը ու նաեւ  ազգային արժէքներու հանդէպ նախանձախնդրութիւնը եղած են ուրոյն գիծեր՝ժամանակի մը ընթացքին, որ եղած է բուռն զարգացումներով լեցուն եւ քաղաքացիական պատերազմի շեշտերով «հարուստ»  վտանգաւոր շրջափուլ մը։

Նոյն այդ տարիներուն Վահէն մասնակցութիւն կը բերէ Պէյրութի հայկական թաղերու պաշտպանութեան վեհ գործին ու կը դառնայ հարազատ եւ անդաւաճան մէկ անդամը, այսպէս ասած, «Քալաշնիքովի սերունդ»ին։

Սերունդ, որուն համար գործի դաշտը Պէյրութն էր, իր բազմապիսի երեսներով, որ սակայն չմոռցաւ, որ իր էութիւնն ու նուիրումի սրբազան վայրերը Արցախն ու Հայաստանն են։

Ու այդ երազին ականջ տալով՝ Վահէ ինքզինք կը գտնէ Երեւանի մէջ, ուր կ՚ապրի իրեն բնորոշ գիծերով, վարելով առաւելապէս լռակեաց եւ խոնարհ կեանք մը։

Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին Վահէ  կ՚աշխատէր  ճաշարանային ասպարէզին մէջ եւ ունենալով  որոշակի հմտութիւն՝ կը պատրաստէր համադամ ուտելիքներ, այդպէսով ալ  ապահովելով իր ընտանիքի ապրուստը, առանց բեռ ըլլալու որեւէ մէկուն։

Վերջին տարիներուն Վահէն ունեցաւ առողջական որոշակի դժուարութիւններ, որոնց հետեւանքով ալ իր աչքերը փակեց յաւիտենութեան։

Վահէի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը եղաւ Երեւանի մէջ, օրեր առաջ, անոր մարմինը յանձնուեցաւ Մայր հողին։ 

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք Վահէի հարազատներուն, անոր տիկնոջ ու յատկապէս եղբօր՝ Ամերիկա հաստատուած երգիչ՝ Գօգօ Հայիթեանին։

Արդարներուն յիշատակը յաւերժ պիտի ըլլայ ու Վահէն անվարան այդ արդարներէն մին է։