Վերջերս, Սուրբ Գրիգոր-Սուրբ Եղիա Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է բարեգործական հացկերոյթ մը, նուիրուած ՀԿԲՄ-ի 60-ամեայ յոբելեանին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ 28 Ապրիլ 2024-ին, Սուրբ Գրիգոր-Սուրբ Եղիա Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է բարեգործական ճաշ մը՝ նուիրուած ՀԿԲՄի (Հայ Կաթողիկէ Բարեգործական Միութեան) 60-ամեայ յոբելեանին՝ բարձր հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանի, որուն ընթացքին իր խօսքը արտասանած էմիութեան գանձապահ՝ Մեթր Սերժ Չուխատարեան։
Մեթր Չուխատարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, , որ յանձնախումբը ամիսը երկու անգամ կը հանդիպի, օգնելու համար Լիբանանի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անոնց նիւթական, բժշկական եւ ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելով եւ հանդերձանք նուիրելով։
Նշենք, որ լիբանանահայ քաղաքական գործիչ, Խորհրդարանի անդամ հանգուցեալ Մեթր Ժաք Չուխատարեանը 30 տարիէ աւելի այս յանձնաժողովի նախագահը եղած է, եւ այժմ անոր որդին՝ Մեթր Սերժ Չուխատարեանին նոյն ոգիով եւ նուիրուածութեամբ կը շարունակէ իր հօր երթը։